Ըստ Ֆրանսական Մամուլին Տեշան Համաձայնութիւն Գոյացուց Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Հետ

Տիտիէ Տեշան

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Տիտիէ Տեշան շատ հաւանաբար նշանակուի Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` նկատի ունենալով, որ ան համաձայնութիւն գոյացուց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ, երէկ յայտնեց ֆրանսական մամուլը:

Ըստ «լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթին եւ «Ֆրանս-ռատիօ»-ին, Տեշան երկու տարուան սկզբնական պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ: Անիկա երկու տարիով պիտի կրկնապատկուի, եթէ Ֆրանսա ապահովէ իր տոմսը 2014-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Պրազիլի մէջ:

Նշենք, որ 43 տարեկան Տեշան ճիշդ շաբաթ մը առաջ Մարսէյը լքեց, հակառակ անոր որ անոր պայմանագրութեան աւարտին մնացած էր երկու տարի:

Եթէ պատահի, որ ան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ, անոր առաջին մրցումը պիտի ըլլայ յառաջիկայ 15 օգոստոսին, երբ Ֆրանսա Լը Հաւրի մէջ հիւրընկալէ «Քոփա Ամերիքա»-ի ախոյեան Ուրուկուէյը:

 

Share this Article
CATEGORIES