Հնագիտական. Աշխարհի Ամէնէն Հին Պայուսակը` Աւելի Քան Հարիւր Շնատամներով
Յունիսի կէսերուն գերմանացի խումբ մը հնագէտներ Գերմանիոյ Լայփցիկ քաղաքին մօտ գտնուող Փրոֆեն կոչուած շրջանին մէջ կատարուող պեղումներէն յայտնաբերած են շատ հին պայուսակ մը, որուն հիւսուածքը գրեթէ տարանջատուած եղած է:
Նշեալ պայուսակը յայտնաբերուած է գերեզմանի մը մէջ, որ գոյութիւն ունեցած է Քրիստոսէ մօտաւորապէս երկու հազար հինգ հարիւր տարի առաջ: Անիկա տարօրինակօրէն ծածկուած եղած է աւելի քան հարիւր քով-քովի շարուած շնատամներով:
Գերմանացի հնագէտ Սիւզան Ֆրետերիքին համաձայն, այդ շնատամները շատ հաւանաբար պայուսակին արտաքին բաժինին զարդարանքները եղած են:
Մասնագէտ Ֆրետերիք ըսած է, թէ նախապատմական ժամանակներէն գոյութիւն ունեցած կաշիի եւ կամ հիւսքի գործածութիւնը որոշ շրջան մը նուազած է եւ բաւական լայն տեղ գտած է տարբեր անասուններու ատամներուն իբրեւ զարդեղէն օգտագործումը:
Հնագէտները Փրոֆեն շրջանի պեղումներէն յայտնաբերած են քարէ ու պրոնզէ դարերէն մնացած աւելի քան երեք հարիւր գերեզմաններ, հարիւրաւոր քարէ գործիքներ ու նիզակներ, ինչպէս նաեւ` խեցիէ կազմուած անօթներ, ոսկորէ կոճակներ ու սաթեայ մանեակ մը:
Նշեալ գերեզմաններէն մէկը պատկանած է կնկայ մը, որ մահացած է Քրիստոսէ առաջ 50 թուականին: Անոր հետ թաղուած են նաեւ կէս քիլոկրամ կշռող ոսկիէ գոհարեղէններ:
Հակառակ իտւրաքանչիւր մնացորդի ունեցած հնագիտական կարեւորութեան, հնագէտներուն համար շնատամներով բեւեռազարդուած պայուսակը իր յատուկ արժէքը ունեցած է` նկատի ունենալով, որ առաջին անգամն է, որ կարելի կ՛ըլլայ յայտնաբերել այդքան հին եւ տարօրինակ զարդարանք կրող պայուսակ մը:
Արտասովոր Նորաձեւութիւն
Հնագէտ Ֆրետերիք ըսած է, որ թէեւ քարէ դարուն շնատամներու գործածութիւնը բաւական սովորական երեւոյթ եղած է հիւսիսային ու կեդրոնաական Եւրոպայի մէջ յայտնաբերուած գերեզմաններուն մէջ, բայց եւ այնպէս պայուսակի վրայ անոնց բեւեռազարդուած ըլլալը հազուադէպ երեւոյթ նկատուած է:
Հնագէտները բացատրած են, թէ գերեզմաններուն մէջէն մեծ թիւով շնատամներու յայտնաբերումը ցոյց կու տայ, թէ հնագոյն ժամանակներուն մեծ եղած ըլլալու է շուներուն թիւը: Պէտք է նշել, թէ շնատամներով բեւեռազարդուած պայուսակին պատրաստութիւնը ինքնին տասնեակներով շուներ պահանջած է:
Գերմանիոյ այլ շրջանի մը մէջ հնագէտները յայտնաբերած են քարէ դարէն մնացած բազ մաթիւ գերեզմաններ, որոնց մէջ գտած են քով-քովի շարուած շան ու գայլի ատամներ, ինչպէս նաեւ` ձկնականջներու պատկանած խեփորներ: Այսուհանդերձ, մասնագէտները հետեւցուցած են, թէ դիակները ծածկուած եղած են այդ ատամներով ու խեփորներով բեւեռազարդուած ծածկոյթներով:
Գերմանացի այլ հնագէտ մը` Հարալտ Աթոպլ ըսած է, թէ նման ծածկոյթներ յատուկ եղած են միայն կարգ մը գերեզմաններու, որոնց մէջ թաղուած մարդիկը շատ հաւանաբար ցեղապետեր եւ կամ բարձրաստիճան այլ պաշտօններ ունեցած մարդիկ եղած են:
Հնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ հնագոյն ժամանակներուն թէ՛ տղամարդոց եւ թէ՛ կիներու յատուկ մազի զարդարանքներ ու մանեակներ շնատամներով պատրաստուած են:
«Ըստ երեւոյթին, այդ օրերուն բաւական լայն տեղ գտած է շնատամներու գործածութիւնը», ըսած է հնագէտ Սթոպլ:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւր՝
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

