Հնագիտական. Մելանի Մնացորդներ Յայտնաբերուած` Մելանաձուկի Նմանող Անասուններու Մելանի Պարկերուն Բրածոներէն

Մայիսի վերջաւորութեան բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ բրածոյ անասուններու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ աւելի քան հարիւր վաթսուն տարի առաջ գոյութիւն ունեցած մելանաձուկի նմանող անասուններուն մելանի պարկերը ներկայիս գոյութիւն ունեցող մելանաձուկերուն մելանի պարկերուն մէջ միեւնոյն պարունակութիւնը ունին նաեւ:

Բրածոյ մելանը մութ սրճագոյն եղած է. անիկա մելանին կոչուած քիմիական նիւթին իւմելանին կոչուած տեսակին պատկանած է: Նման նիւթեր կը պարունակեն թռչուններուն փետուրները, ինչպէս նաեւ` մարդկային մորթն ու մազերը:

Մելանինն ու անոր տեսակները ունին տարբեր դերակատարութիւններ. անոնք կը ծառայեն արեւուն ճառագայթներէն պաշտպանուելու, ինչպէս նաեւ` կարգ մը անասուններու պարագային զանոնք հալածող գիշատիչներէն քողարկուելու:

Նախապէս մասնագէտներ իւմելանինի մնացորդներ գտած են կարգ մը անասուններու բրածոներէն, սակայն, օրին կարելի չէ եղած վերջնականապէս հաստատելու այդ մնացորդներուն ինքնութիւնը` նկատի ունենալով, որ մելանինին ու անոր տեսակներուն մասնիկները կը նմանին մանրէներու:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ բրիտանացի քիմիագէտ Ճոն Սայմըն ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը գործածած են տարբեր բաղկացուցիչներու մասնիկներուն կուտակումները չափող սարքեր, ինչպէս նաեւ` յատուկ մանրադիտակներ, որոնց միջոցով կրցած են ճշդել բրածոյ մելանի պարկերուն մէջ պահպանուած իւմելանինին ինքնութիւնը:

Իրարու Նմանող Քիմիական
Յատկութիւններ

Մասնագէտները բրածոյ ս5

Share this Article
CATEGORIES