Ազգային Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականց Բաշխում

21 յունիս 2012-ի Ազգային Ռուբինեան Մ. Մեսրոպեան վարժարանի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2011-2012 տարեշրջանի մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ուկնդրութեամբ:

Առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի աշակերտները: Ծաղիկ դասարանէն Մարկրիթ Տիշաղճեան ստանձնած էր հանդիսավարի դերը, զոր կատարեց յաջողութեամբ:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր` արտասանութիւններ, երգեր, պարեր եւ թատերական ներկայացում:

Ան ըսաւ. «Մեզմէ իւրաքանչիւրս իր բաժինով պիտի ներկայացնէ, թէ երբ մեծնայ, ի՛նչ կ՛ուզէ դառնալ»:

Փոքրիկ աշակերտները հերթաբար, մանկական անմեղ եւ հաճելի ելոյթներով կատարեցին իրենց դերերը` գեղեցիկ եւ տարբեր արհեստներ ներկայացնող գծապատկերներով զարդարուած բեմին վրայ:

Բողբոջ դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիներ դարձած էին աշխուժ ձկնորսներ, որսալով ձուկեր` անոնք վերադարձան ուրախ զուարթ իրենց տուները:

Մեր վարժարաններէն ներս մեր փոքրիկները կը սորվին, թէ թանկ կ՛արժէ հայրենի հողը, ծննդավայրը եւ հայրենիքը:

Գեղեցիկ արաբական պարով մը «Ուաթանիլ ղալի» Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարանի աշակերտները ցոյց տուին իրենց սէրն ու յարգանքը ծննդավայր Լիբանանին հանդէպ եւ բոլոր ներկաներու բարձր գնահատանքին արժանացան:

Մարկրիթ Տիշաղճեան կ՛ուզէր դառնալ հայոց լեզուի ուսուցչուհի եւ ան իր գեղեցիկ «Այբ, բեն, գիմ» երգով գրաւեց բոլորի սրտերը:

Մանկամսուրի փոքրիկները «Ժամանակն է» եղանակով մտան բեմ, եւ իրենց իւրայատուկ պարի շարժուձեւերով թէ՛ յուզում եւ թէ՛ ուրախութիւն պատճառեցին ծնողներուն եւ հիւրերուն:

Այս բաժինը աւարտեցաւ գեղեցիկ հայկական ազգային պարով մը` «Սասնայ պար», որուն մասնակցեցան Ծաղիկի, Կոկոնի եւ Բողբոջի աշակերտները:

Յայտագրի Բ. բաժինը կ՛ընդգրկէր նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտներուն ելոյթները:

Հայերէնով ուղերձ կարդաց Փամելա Գրտանեան, որ ողջունելով ներկաները` ըսաւ. «Այսօր մեր ամէնէն երջանիկ պահերէն մէկն է: Ահա կը դառնանք շրջանաւարտներ եւ մէկտեղուած ենք այս սուրբ յարկին տակ` յայտնելու մեր երախտագիտական վերջին խօսքը: Մեր յիշղութեան մէջ վառ պիտի մնան մեր դպրոցական հաճելի ու չարաճճի պահերը»:

Էլենա Քոնտրաճեան իր կարգին շրջանաւարտ դասընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց իր սիրելի վարժարանին: Արաբերէնով իր ուղերձը կարդաց հեզասահ լեզուով ու ըսաւ. «Դժուար է հաւատալ, թէ հասած է սիրելի վարժարանէն հեռանալու պահը: Երկար տարիներ միասնաբար ապրած ենք այս յարկին տակ եւ մեզի հետ պիտի տանինք գեղեցիկ յիշատակները»:

Անգլերէնով ուղերձին մէջ Յարութ Թիւթիւնճեան ըսաւ. «Այսօր յատուկ օր է, դուք կը քաղէք ձեր ծանր աշխատանքի ու զոհողութեան արդիւնքներն ու պտուղը: Մենք կը խոստանանք նորանոր յաջողութիւններ արձանագրել, կը գիտակցինք, որ ատիկա մեզմէ կը պահանջէ լուրջ աշխատանք»:

Ան բոլորին շնորհակալական խօսքեր ուղելով` խոստացաւ վառ պահել վարժարանին անունը:

Ապա ուղերձներուն յաջորդեց Զ. դասարանի աշակերտներուն խմբային արտասանութիւնը. անոնք բարձր կատարողութեամբ ասմունքեցին Յովհաննէս Շիրազի «Երգ Հայաստանի»-ն, որուն յաջորդեցին զոյգ  ազգային հայրենասիրական խմբերգներ` «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ»  եւ «Հայ ենք մենք»-ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Արեգ Տաղլեանի. անոնք արժանացան բոլորին գնահատանքին ու ծափողջոյններուն:Ապա «Արեւածագին» գեղեցիկ հայկական մենապարով մը Սելին Ածիլածեան մեզ փոխադրեց հայրենի աշխարհ:

Իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան. ողջունելով ներկաները` ըսաւ, թէ ուսումը մարդկային ուղեղի անընդհատ զարգացող գանձարանն է, եւ այս հաւատքով ծառայած եւ աւարտին հասցուցած են 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանը:

«Մեր վարժարանը ունի 76 երկար տարիներու պատմութիւն: Մենք ուսման հետ նաեւ հայ աշակերտին կը ջամբենք` ազգային շունչ ու նպատակներ իրագործելու տեսլական:

Ազգային Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեան վարժարանը սերունդներ պատրաստելով` շրջանաւարտներ հասցուցած է յանուն ազգին ու գիտութեան, յանուն հայ ընտանիքին ու երկրին բարօրութեան»:

Ապա ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին` իր հայրական հոգատարութեան համար, նաեւ վարժարանի մեծ ընտանիքին, բարերարներուն, որոնք նուիրումով կը ծառայեն ու ջանք չեն խնայեր անոր բարօրութեան ու յառաջդիմութեան, նոյնպէս` ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած էին այս վարժարանին:

Շրջանաւարտ աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը` տնօրէնը ըսաւ. «Սիրելի նախակրթարանի շրջանաւարտներ, դուք բախտը ունեցաք ստանալու վարժարանիս երկարամեայ հոգատարութիւնը, որուն ազգային, մարդկային եւ հայրենասիրական մեծ աւանդը ծանօթ է գաղութիս:

Անկէ շրջանաւարտ դառնալով` դուք ձեր կարգին պիտի չխնայէք ձեր մասնակցութիւնը բերելու ապագային գաղութիս զանազան ազգային ու այլ նուիրական գործունէութիւններուն: Ապահովեցէք սերնդափոխութիւնը եւ շարունակեցէք սերնդափոխութիւնը եւ շարունակեցէք զայն` մինչեւ մեր մեծ իտէալի` լուսաւոր օրուան գալուստին, որն է` զարգացած, խիզախ ու մարտունակ հայրենասիրական ոգիով ազատագրել մեր նախնիներու հայրենի հողը` անոր վրայ հիմնելով ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանը: Այսպիսով, հատուցած կ՛ըլլանք մեր արեան կանչի պարտքը, որուն իրագործման համար ձեզի կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ եւ ուսման մէջ յարատեւ բարձրացում` մինչեւ համալսարանաւարտութեամբ պսակելու ձեր ուսումնական կեանքը»: Բոլորին ծնողները նոյնպէս ջերմօրէն շնորհաւորեց, իսկ Ծաղիկ դասարանի թիթեռնիկներուն մաղթեց նորանոր վկայականներ ու կանաչ ճանապարհ:

Այդ բոլորէն ետք հասած էր վկայականներու բաշխման պահը: Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի աշակերտները երաժշտութեան ընկերակցութեամբ եւ ծնողներու ծափողջոյններով բեմ բարձրացան եւ ստացան իրենց վկայականները:

Նոյն խանդավառութեամբ բեմ բարձրացան նախակրթարանի Զ. դասաարանի շրջանաւարտները սրտի մեծ գոհունակութեամբ ստացան իրենց վկայականները:

Ապա մրցանակներ ստացան ուսման լաւագոյն միջինները ապահովող եւ դպրոցին վարքի առաջնութիւնը շահող աշակերտները:

Տնօրէն Յ. Կէրկէրեան, իրենց ժրաջան աշխատանքին համար, ծաղկեփունջեր նուիրեց` Ազնիւ Ալթունեանին, Զապէլ Պոյաճեանին, Քրիսթին Ածիլածեանին, Մակի Իզմիրլեանին, Ամալիա Երամեանին, Ռիթա Ստեփանեանին, Մատլէն Սաղպազարեանին եւ խոստմնալից դաշնակահար Արեգ Տաղլեանին:

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Եղէ՛ք պտղատու ծառեր:

Այսօր բոլորը յոգնած են եւ դարձած` անհամբեր, որովհետեւ պիտի քաղեն ամբողջ տարուան մը յոգնութեան արդիւնքը: Այո՛, ծանր աշխատանքի արդիւնքն է, որ պիտի տայ իր պտուղը, սիրելի շրջանաւարտներ: Ծանր աշխատանք, զոհողութիւն ու նուիրում` դպրոցի անդաստանէն ներս, դպրոցի կեանքէն ներս:

«Մենք կը սիրենք արդիւնք տեսնել, նաեւ մեր փափաքն է, որ մեր ծառերը ըլլան պտղատու, որովհետեւ իւրաքանչիւր ուսումնական տարի ամբողջական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեզի համար: Մեր փափաքն է վայելել ու ճաշակել պտուղ քաղելու ուրախութիւնը:

«Քանզի դուք, դառնալով գիտակից հայազգի զաւակներ, ձեր հերթին պիտի ծառայէք մեր առօրեա յկեանքին մէջ յառաջիկայ կեանքին համար»:

Share this Article
CATEGORIES