Արաբական Գարնան Երկրորդ Ծաղկումը
Ժ. ՏԱՆԱ ՍԹՈՒՍԹԸՐ
«Նեշընըլ Ինթրըսթ»
Արաբական գարունը ե՞րբ աւարտեցաւ: Կարգ մը վերլուծաբաններ կը նշեն 2011 թուականի մարտ ամիսը (Արաբական ձմրան սկիզբը), կամ` այն շաբաթը, երբ, Մարք Լինչի բառերով, «կայսրութիւնը հակահարուած տուաւ»: Եւ ճիշդ է, որ կար կէտ մը, երբ սէուտական ուժեր խճուղին անցան` Պահրէյն արշաւելով, եւ Մուամմար Քազզաֆի երդում ըրաւ փողոց առ փողոց որսալու այլախոհները, եւ թէ` անկարելի եղաւ պահպանել Միջին Արեւելքի մէջ առաջին շաբաթներու յեղափոխութեան շեշտակի լաւատեսութիւնը: Լկտիութիւնը խորացաւ, երբ Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւնը ամբողջ ամառը քաշքշուեցաւ մինչեւ աշուն, եւ քաղաքացիական պատերազմը բռնկեցաւ Սուրիոյ մէջ: Արաբական գարունը նոյնը չէր մարտի այդ շաբաթէն ետք, բայց ատիկա աւարտեցա՞ւ, թէ՞ ուղղակի փոխուեցաւ:
2011 թուականի սկիզբը Մարոք պատրաստակամութիւն դրսեւորեց միանալու Եգիպտոսի եւ Թունուզի մէջ յեղափոխութեան: Թունուզի նման, հոն ալ ինքնահրկիզում մը կար, նաեւ` ցոյցերու շարք մը, նշաններ` բողոքի շարժումի, աւելի աղաղակող, քան Պահրէյնէն բացի` արաբական որեւէ թագաւորութեան մէջ: Ապա Մոհամետ Զ. թագաւորը իր տխրահռչակ պաշտօնակիցներէն տարբեր ուղիով գնաց. թագաւորը ներկայացուց սահմանադրական շարք մը բարեփոխումներ, որոնք կ՛ենթադրուէր, թէ ընտրուած խորհրդարանի մը միջոցով կը հզօրացնեն լուսանցքայնացած հաւաքականութիւնները: Հանրաքուէ մը տեղի ունեցաւ, ցոյցերը նուազեցան եւ նոր ընտրութիւններ կայացան` իսլամական ուժեր հասցնելով խորհրդարան: Եւ Մարոքի թագաւորութեան համար ատիկա Մարոքի յեղափոխութեան աւարտն ու Արաբական ձմրան կանխահաս նախընթացը նկատուեցաւ:
Սակայն, ճիշդ ժամանակին, երկրորդ գարունը ընթացքի մէջ է արաբական աշխարհին մէջ: Հակառակ սահմանադրական բարեփոխումներու` Մարոքի փողոցներուն մէջ կայ բողոքի նոր շարժում մը, որուն դրդապատճառը «կենսամակարդի խնդիրներն են»` ըստ Իսանտի Ամրանիի: Դրդապատճառներու այսպիսի ձեւակերպումը նոր չէ, սակայն վերջին ցոյցերու տնտեսական բաղադրիչը կարծես աւելի եւ աւելի ակնյայտ է: Անիկա նաեւ կը պատահի Ալճերիոյ մէջ, ուր «գործազրկութեան բարձր համեմատութիւնը, անբաւարար կենցաղային, բնակարանային պայմանները եւ ընկերային ծառայութիւններու թերութիւնը», փողոցները վերադարձուցած են ցուցարարներն ու ապահովութեան ուժերը:
Յորդանան, որ հիմնականին մէջ հեռու մնացած էր Արաբական գարունէն, ականատես եղած է աշխատաւորներու ցոյցերու, բողոքներու աճին:
Նորաթուխ յեղափոխական պետութիւնները երկրորդ գարնան դէմ դիմադրողականութիւն չունին:
Եգիպտոսի մէջ աշխատաւորական բողոքներն ու ցոյցերը Մուպարաքի տապալումէն ետք աւելի արգասաբեր դարձած են. աշխատաւորներ կը փակեն նաւահանգիստներ, երկաթուղիներ եւ կը սպառնան Ասուանի ջրաելեկտրակայանէն եկող հոսանքը անջատել: Եգիպտոսի խորհրդարանը նոյնիսկ ուժի մէջ դրաւ «գործադուլի դէմ օրէնք մը», որ պատճառ դարձաւ յաւելեալ բողոքներու, ցոյցերու եւ գործադուլներու: Այս բողոքները հազիւ թէ գոյութիւն ունենան քաղաքական դատարկութեան մէջ: Գործիչները կրկին կոչ կ՛ընեն ցոյցերու` բողոքելու համար ժողովրդավարական կարգով ընտրուած Եգիպտոսի խորհրդարանը լուծարելու մասին ատեանի մը որոշումին դէմ: Եգիպտական ատեանին այս վճիռին հրապարակումէն միայն օր մը առաջ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը վերահաստատեց ինքզինքը` կրկին օրինականացնելով կարգ մը հսկողութիւններ, տխրահռչակ արտակարգ իրավիճակի օրէնքով, որ երեք տասնամեակ ուժի մէջ մնալէ ետք, անցեալ մայիսին վերացուած էր: Այս զարգացումներուն ցուցարարներուն հակազդեցութեան ձեւը, եղանակը հիմնուած պիտի ըլլայ այն մտավախութեան վրայ, որ Հիւսնի Մուպարաք` վերադատման դիմումի հիմամբ կրնայ անպարտ արձակուիլ, ինչպէս նաեւ` այն երեւոյթին վրայ, որ շատեր երկու չարեաց փոքրագոյնը կը նկատեն նախագահական ընտրութեան մէջ, որ Թահրիր հրապարակը այս ամսեսկիզբին դարձեալ լեցուց:
Եգիպտոս հազիւ թէ իւրայատուկ է այս առումով: Եմէնի ղեկավարութեան հետ երաժշտական աթոռներու խաղը միայն կէսն է աւելի ընդարձակ պատմութեան մը: Գործարաններէն մինչեւ երկրի օդուժը փակած բողոքի ցոյցերու միտումը այնտեղ կ՛անուանեն` «զուգահեռ յեղափոխութիւն»: Եւ տնտեսապէս ճնշուած Սիտի Պուզիտ քաղաքին մէջ, ուր Արաբական գարունը սկսաւ, բողոքի ցոյցեր տակաւին տեղի կ՛ունենան, այն պահուն, երբ Թունուզի տնտեսապէս աղքատ բնակիչներ անհամբեր կը դառնան բարեկարգումներուն համար, որոնք նուաճելու յոյսով տապալեցին Պըն Ալիի վարչակարգը:
Երկրորդ գարունը զուրկ է եզակի, յատուկ նպատակէ եւ 2011 թուականի յեղափոխութիւններու լուսանկարչային հրապոյրէ: Ասոնք քաղաքային հրապարակներն ու փողոցները լեցնող բողոքի ցոյցեր չեն` մէկ անձի դէմ երգերով, կոչերով: Ասոնք գաւառական, գիւղական աւաններու ցոյցեր են` փոքր խումբերով մարդոց, որոնք օրերով գործարաններ կը փակեն: Ասոնք պատկերաւորումն են այն փաստին, որ Արաբական գարունը վարչակարգի փոփոխութեան հարց բնաւ չէ եղած, այլեւ` աւելի շատ այն բանին, որ Եգիպտոսի մասին գրելով` Ժաք Շենքեր բնորոշած է այսպէս. «Հզօր եւ գոյութենական մարտահրաւէր` քաղաքական եւ տնտեսական հակակշիռներու այժմու համակարգերուն»: Փողոցի այս ցոյցերը, թէեւ տարբեր աստիճանաչափով, տրամաբանական, թերեւս անխուսափելի յաջորդներն են Թահրիր հրապարակին: Անոնք դրսեւորումներն են յայտարարութիւնները` նոր իշխանութիւն, հեղինակութիւն ստացած հասարակութիւններու, մարդոց, որոնք բողոքի ազդեցիկ, արդիւնաւէտ ցոյցեր տեսած են եւ այժմ նոյն ռազմավարութիւնները կը կիրարկեն իրենց բնակավայրերուն մէջ:
Փոքր ծաւալի ցոյցերու բազմացումը երկսայրի սուր է: Ատիկա վերանորոգուած ճնշում կը բանեցնէ յամառ կառավարութիւններու վրայ, որպէսզի իրագործեն իրենց ժողովուրդներուն ակնկալած բարեփոխումները, բայց ատիկա նաեւ կրնայ խոչընդոտել կառավարութիւններու բարի կամեցողութեան ջանքերը, որոնց նպատակն է իրենց տնտեսութիւններու վրայ ճնշումները մեղմացնել:
Այն պահուն, երբ Մարոքի մէջ երկխօսութիւնը կը կեդրոնանայ տնտեսական քաղաքականութեան վրայ, Ամրանի նկատել կու տայ, որ` «բանակցութիւններու եւ խորամանկ խուսանաւումներու համար աւելի քիչ տեղ կրնայ մնալ, մասնաւորաբար երբ թագաւորական ընտանիքին եւ անոր շրջապատին, շրջանակին հարստութիւնը (թագաւորին անձնական հարստութիւնը կ՛ըսուի, թէ կրկնապատկուած է գահ բարձրանալէն ետք` զինք դարձնելով աշխարհի ամէնէն հարուստ թագաւորներէն մէկը, եղած է խորհրդանշական խնդիր մը, թէ իբրեւ կառավարման մէջ սխալը ի՛նչ է: Արդարեւ, միապետներու համար անկարելի պիտի ըլլայ իրենց երկիրներուն մէջ` ազգային համախառն արժէքի աճի եւ գործազրկութեան նման մարտահրաւէրները անջատել, հարստութեան խոտոր բաժանումէն (եւ անոնց չափազանց հարստութենէն):
Նոյնիսկ երբ բողոքի ծոյցերը կ՛ուղղուին տնտեսական հարցերու կողմէ, քաղաքական անլուծելի բաղադրիչ մը կը մնայ: Այդ ճնշումը զգաց Յորդանանի ղեկավարութիւնը, երբ երկրի վարչապետ Աուն Խասաուինէ ապրիլին հրաժարեցաւ, Յորդանանի բարեփոխումներու հոլովոյթի կշռոյթին շուրջը Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ լարուածութեան պայմաններուն մէջ: Միաժամանակ, ցոյցերը շարունակուեցան` հակառակ կէսկատար ընտրական բարեփոխումներու, որոնք «շատ քիչ եւ շատ ուշ» եղան:
Ալճերիոյ մէջ ընտրական կեղծիքներու եւ քուէարկողները կաշառելու վերաբերեալ ամբաստանութիւնները սկսան 10 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն շաբաթներ առաջ` դրդելով իսլամական երեսփոխանները խորհրդարան անդրանիկ նիստին իբրեւ բողոք դուրս գալու դահլիճէն:
Կառավարութիւններու վրայ շարունակուող ժողովրդային ճնշումները կրնան համապատասխան, յարմար ըլլալ այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր յառաջիկային բարեփոխումներ չեն նախատեսուիր, բայց ատիկա կրնայ կործանարար ըլլալ անոնց համար, որոնք իսկապէս կը փորձեն լուծել տնտեսական խնդիրները: Դժգոհութիւնները, որոնք անցեալ տարի Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Եմէնի մէջ ցոյցեր հրահրեցին, ընտրութիւններով մէկ օրէն միւսը չեն լուծուիր: Փոխարէնը, ասոնք երկարատեւ միտումներ են` անհաւասարութեան ընդլայնման, գործազրկութեան խորացման, զեղուն, լիառատ փտածութեան, նորարարութեան վատ քողարկման եւ կիներու տարրական իրաւունքներու մերժման (Մարդկային արաբական բարգաւաճման տեղեկագիրը ատիկա անուանած է` «Լուսանցքայնացումի չարագուշակ ներուժ»: Ասիկա օտարերկրեայ ներդրողներու համար գագաթնակէտն է: Իւրաքանչիւր երկիր ելեւմտական խորունկ փոս մը կը դիմագրաւէ, որմէ պէտք է մագլցելով դուրս գայ: Եւ մինչ ելեւմտական միջազգային հիմնարկները կարծես թէ անտարբեր են այդ երկիրներուն մէջ սնանկացումի սպառնալիքին դիմաց, դրամական արժէզրկումն ու սղաճը կործանարար հետեւանքներ պիտի ունենան արդէն իսկ տուայտացող իրենց համեստ դասակարգերուն համար:
Անշուշտ որոշ ճնշում լաւ է, եթէ ոչ այլ պատճառով, գոնէ այս նորաստեղծ հաշուետու կառավարութիւնները կեդրոնացած կը պահէ տնտեսական սպառնալիքները դիմակալելու աշխատանքին վրայ` փոխանակ զբաղելու մշակութային-պատերազմի հարցերով, ինչպէս` պիքինիները եւ Փերսեփոլիս շարժապատկերը:
Սակայն, մասնաւորաբար Եգիպտոսի եւ Թունուզի մէջ, եթէ ցոյցերը փոխանակ աղքատութեան դէմ ուղղուելու` շրջուին դէպի կառավարութիւնը, արդիւնքը յաւելեալ ապակայունացում պիտի ըլլայ: Ինչպէս որ Ռոպ Փրինս Թունուզի մասին գրելով` նշեց. «Եղած են նաեւ քաղաքական զանգուածային այլ շարժումներ, որոնք տապալած են բռնատէրեր եւ ապահոված` քաղաքական նոր իրաւունքներ, բայց ի վերջոյ վրիպած, ձախողած են»:
Կառավարութիւնները մեծ ճնշումներու տակ պէտք է ըլլան, որպէսզի բաւարարութիւն տան հանրային ակնկալութիւններուն, այնպիսի յեղափոխութիւններու մէջ, որոնք հետեւողականօրէն յառաջացուցած են բողոքի նոր ցոյցեր` բարեփոխումները բաւարար արագ չիրականացնելու պատճառով: Յստակ չէ, թէ յեղափոխական երկիրներու ժողովուրդը, որ իրաւասութեան, հեղինակութիւն տուած է կառավարութեան, ժամանակ եւ տարածութիւն պիտի տրամադրէ՞ գործադիրին, որպէսզի աշխատանք տանի լուծելու համար բազմաթիւ տնտեսական խնդիրները: Հաւասարապէս անորոշ կը մնայ այն, թէ կառավարութիւնը աշխատանք պիտի տանի՞ն նուազեցնելու համար հսկայ ճեղքը, որ կը բաժնէ մեծահարուստ սակաւաթիւները, իրաւազրկուած, քուէազրկուած բազմութիւններէն (հարց մը, որ բաւական հեռու կ՛երթայ արդէն իսկ փտածութեան եւ կողմնակալութեան բարդ խնդիրներէն:
Այս մարտահրաւէրները ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական անկայունութիւն ստեղծած են եւ պիտի շարունակեն ստեղծել` գրեթէ անկախ այն բանէն, թէ ո՛ր երկիրները տապալած են իրենց նախկին կառավարութիւնները, որոնք` ոչ: Սակայն կայունութեան մտապատկերը, հայեցակարգը թերի է: Տասնամեակներէ ի վեր «կայունութիւնը» (առնուազն արեւմտեան տեսանկիւնէն) աւելի եղած է մակերեսային երեւոյթ, քան ժողովուրդին վրայ ազդող հիմնական հոսանք: Երբ տնտեսական այս ալիքները, հոսանքները անցեալ տարի ի վերջոյ խախտեցին մակերեսը եւ ծածկեցին ամբողջ Միջին Արեւելքը, ատիկա բացայայտեց, թէ արմատապէս որքա՛ն անկայուն են ամբողջատիրական կառավարութիւնները:
Յեղաշրջումը (բողոքի ցոյցեր, տնտեսական տատանումներ, քաղաքական անկանխատեսելիութիւն, անկայունութեան բոլոր տարրերը, որ հիմնականին մէջ սերունդներու համար, դարերու ընթացքին ճնշուած էին) եւ տեսանելի ապագային համար պիտի ըլլայ բնականոն նոր երեւոյթ մը, ուղղահայեաց գիծ մը, ե՛ւ յեղափոխական ե՛ւ ոչ յեղափոխական երկիրներու մէջ:
Ինչպէս որ ես եւ իմ պաշտօնակիցներս նկատեցինք Ամերիկեան նոր անվտանգութեան կեդրոնին հրապարակած տեղեկագիրին մէջ, բարեփոխումը միակ միջոցն է` լուծելու լարուածութիւնները, որոնք վերջին 18 ամիսներուն բողոքի ցոյցեր հրահրած են: Միակ միջոցը` նուաճելու իսկական կայունութեանը, եւ ոչ թէ պարզապէս ատոր մակերեսը, երեւոյթը:
Անկախ լաւ ու վատ արդիւնքներէն` Արաբական գարունը կը շարունակէ, թերեւս փոփոխուած, բայց տակաւին իր շատ բուռն ընթացքին մէջ մնալ:






