Մեր Ընըերցողները Կը Գրեն. Մենք Եւ Յեղափոխութիւնը

Յաճախ սխալ բացատրուած յեղափոխութիւն բառը  իր մէջ դրական իմաստ ունի. պարզապէս հուր ու արիւն չի նշանակեր, այլ կեանքի զարգացման իմաստը մարմնաւորող բառն է իսկ:

Յեղափոխութիւնը բարդ բառ մըն է, որ կը բաղկանայ յեղ եւ փոխել բառերէն: Յեղ կը նշանակէ վիճակ, յեղափոխութիւն` վիճակ փոխել:

Յեղափոխութիւնը կ՛ազդուի նիւթական եւ արտաքին պայմաններէն եւ ունի հինգ հանգրուաններ:

Առաջինը կը սկսի, երբ անձ մը ,ընկերութիւն մը, հաւաքականութիւն մը կամ ժողովուրդ մը զգայ, թէ ինք անբարենպաստ պայմաններու մէջ կ՛ապրի ու անկէ բխած` կը փափաքի փոխել զանոնք.Այս հանգրուանը զգացումի ու փափաքի սահմաններուն մէջ կը մնայ: Երկրորդ հանգրուանը կը սկսի, երբ սոյն հաւաքականութիւնը իր նպատակակէտը ու հասնելիք վիճակին տեսլականը կ՛որոշէ ու կը յստակացնէ զայն, ուր կան քարոտ պայմաններ, որոնք կը գոհացնեն իր հոգեկան, բարոյական, ընկերային, տնտեսական կամ քաղաքական պայմանները:

Յեղափոխութեան երրորդ հանգրուանը կը կայանայ միջոցը կամ գործիքը ընտրելուն մէջ: Որեւէ հաւաքականութիւն յեղափոխութեան  միջոցը կ՛ընտրէ իր պայմաններուն լոյսին տակ եւ յստակացուած տեսլականի հեռանկարով:  Պայման չէ որ միշտ ըլլայ այդ միջոցը, Մերթ միջոց կը դառնայ ուսումն ու գիտութիւնը, մերթ լռութիւնն ու դիրքորոշումը եւ տարբեր տեսակի կեանքի ստեղծած հնարքներն ու լուծումները. Սակայն երբ բոլոր միջոցները ապարդիւն կ՛ըլլան, զէնքի, ուժի միջոցը կը դառնայ անհրաժեշտ եւ հրամայական եւ եզրափակիչ միջոց:

Չորրորդ հանգրուանը կը նոթագրուի արարքով: Գործն է, որ պիտի տեղափոխէ հաւաքականութիւնը իր տեսլականին, զգալէն ետք, որ վիճակը պէտք է փոխուի որոշելէն ետք դէպի ուր, միջոցը ընտրելէն յետոյ հաւաքականութիւնը կը կատարէ իր արարքը` իր ընտրած միջոցով ու կ՛անցնի իր տեսլականին որ յստակացուցած էր:

Յեղափոխութեան հինգերորդ եւ վերջին հանգրուանը դիւրին կը թուի, սակայն ամէնէն դժուարն է խորքին մէջ: Կատարուած յեղափոխութիւնը կամ փոփոխութիւնը պահպանելն է պէտք. պատմութեան ընթացքին շատ ընկերութիւններ թերացած են այս վերջին հանգրուանին մէջ եւ այս թերացման պատճառով կորսնցուցած են իրենց տեսլականն ու վիճակափոխութիւնը: Ահա այսպէս պէտք է ընդունինք յեղափոխութիւնն ու յեղափոխականութիւնը, որ հաստատ քայլերով հասնինք մեր նպատակներուն:

ԱՐԱՄ ԱՒԱԳԵԱՆ

Հալէպ

Share this Article
CATEGORIES