Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏՈՐԱՅԻ Մար Մարուն եկեղեցւոյ մօտակայքը բռնկած է հսկայ հրդեհ մը, զոր հրշէջները իրենց հակակշիռին տակ առին:
ՏԱՐԱՅԱՅԻ մէջ ընտանեկան հարց մը վերածուեցաւ խոշտանգումի եւ ապա կրակոցի, որ պատճառեց 5 վիրաւոր:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին արդար ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ապահովական հետազօտութիւններու հիմնարկը յայտնեց, որ լիբանանեան որեւէ գրգռութեան դէմ Իսրայէլի պատասխանը ծանր պիտի ըլլայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Լ՛օրիան լը Ժուր»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմող կարգ մը քաղաքական ուժեր չեն փափաքիր, որ ապահովական կառոյցները մահափորձերու թղթածրարին շուրջ հետաքննութիւն բանան:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը պիտի վաւերացուի յուլիս ամսուան աւարտին: Ան նշեց, որ այդ նախագիծը պիտի ըլլայ ամփոփ եւ յապաւուած նախագիծ մը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յանձնած է 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ երկրին զինուորական ատեանը գործակալներու ատեան մըն է, որ ուղղակի առնչուած է իսրայէլեան օրակարգի եւ Իսրայէլի հաշուոյն գործող գործակալներու հետ: Ան նշեց, որ այդ ատեանին նպատակն է Իսրայէլի հաշուոյն գործած գործակալները ազատ արձակել իբրեւ անմեղներ: Ան կոչ ուղղեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի միջազգային ուժեր տեղակայելու` արգիլելու համար Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին տարածումը:
ՈՒԱՏԻ Խալետի բնակիչները մտահոգ են եւ վախի մթնոլորտի մէջ կ՛ապրին` վախնալով Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ ռմբակոծումին կրկնուելուն հաւանականութենէն:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ միայն երկխօսութեամբ կարելի է ամրապնդել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը` աւելցնելով, որ այսօր ինք պիտի նախագահէ ապահովական նիստի մը` իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք 15 յուլիսին Քուրայի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական մասնակի ընտրութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, իսրայէլեան օդուժը Նաքուրայի, Ալմա Շաապի, Տամուրի, հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի վերեւ թռիչքներ գործած է եւ ապա մեկնած Նաքուրայի ուղղութեամբ:

