Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Մագլցողական Քայլերու Կը Դիմեն

Ելեկտրական ընկերութեան սարակները երէկ դիմեցին մագլցողական քայլերու, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք փակեցին կարգ մը ճամբաներ. հարցը միայն Քոռնիշ Նահըրի շրջանով չսահմանափակուեցաւ, այլ` տարածուեցաւ նաեւ Քեսրուանի, Ժունիէի, հիւսիսային Լիբանանի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ:

Պէյրութի մէջ սարակները փակեցին Քոռնիշ Նահըրի ընկերութեան բուն դարպասը եւ ճամբան փակեցին անիւներով` առանց հրկիզելու զանոնք:

Անոնց պահանջը հիմնականին մէջ այն էր, որ իրենք հինգ ամիսէ ի վեր աշխատավարձ չեն ստացած, հետեւաբար պիտի բողոքեն այդ իրավիճակին դէմ, ինչպէս նաեւ այն, որ իրենք կը պահանջեն գործադրել խորհրդարանին որոշումը եւ զիրենք հաստատել իրենց պաշտօններուն վրայ:

Նշենք, որ սարակները 69 օրէ ի վեր բաց նստացոյցի մէջ են եւ անոնք կը սպառնան յաւելեալ մագլցողական քայլերու դիմել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES