Երեսփոխան Հարպի Մահափորձին Մասին Հետաքննութիւնը Այլ Ուղղութիւն Կը Ստանայ

Երեսփոխան Պութրոս Հարպի դէմ գործուած մահափորձին հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն մասին «Ախպար» օրաթերթը երէկ գրեց, թէ այդ հետաքննութեան համաձայն ի յայտ եկած է, որ մահափորձը երեսփոխան Հարպի դէմ չէր ուղղուած, այլ` իրաւաբան Հուսամ Պազիհի, որ կը բնակի նոյն շէնքին մէջ եւ որուն դէմ արդէն լուրջ մահափորձ մը, ինչպէս նաեւ առեւանգում մը գործադրուած է:

Պազիհ իր կարգին հաստատեց, որ ինք լուրջ վտանգի տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ իր դէմ սպառնալիքները շատ են:

Միւս կողմէ, երկրին ապահովական կառոյցները կը հաստատեն, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութենէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները ամբողջական կերպով ստացած են:

 

Share this Article
CATEGORIES