Միքաթի Քըրթպաուիի Եւ Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի Սպանութեան Հարցը

Նախարար Քըրթպաուի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցերը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց արդարութեան նախարարութեան վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք պատասխանելով շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ անոր թիկնապահին` Հիւսէյն Մերհեպի սպանութեան թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդ փոխանցելու մասին հարցումի մը` Քըրթպաուի ըսաւ, որ անհրաժեշտ է սպասել կառավարութեան նիստին եւ անկէ բխելիք որոշումներուն:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` Քըրթպաուի շեշտեց, որ կառավարութեան բոլոր որոշումները կը տրուին քուէարկութեամբ:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի նախագահ Փիթըր Սլիփըր` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Փարթըլեմի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սլիփըր յայտնեց, որ Լիբանան իր այցելութեան նպատակն է երկու խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ պահել:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Թալալ Մերեհպի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES