Մանսուր Ընդունեց Չինաստանի Դեսպանը

Նախարար Մանսուր եւ Չինաստանի դեսպանը

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ու Ժի Շանը, որ Մանսուրին յանձնեց Չինաստան այցելութեան հրաւէր մը:

Հանդիպումէն ետք Ժի Շան յայտնեց, որ հարցը այն չէ, որ իրենք կառչած կը մնան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի անձին` մաղթելով, որ որեւէ երկրի մէջ տագնապները լուծուին եւ կարելի ըլլայ յանգիլ քաղաքական լուծման մը, որ կը համապատասխանէ բոլորին:

Ժի Շան ընդգծեց, որ որեւէ երկրի մը ներքին հարցերուն կատարուած օտար եւ արտաքին միջամտութիւնները հարցերը չեն կրնար լուծել, այլ` պարզապէս կը բարդացնեն զանոնք:

Մանսուր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է զօրակցիլ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան Անանի այն նախաձեռնութեան, որ սուրիական տագնապին բոլոր կողմերը կը միտի երկխօսութեան սեղանի մը շուրջ համախմբել:

 

Share this Article
CATEGORIES