ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղ Պիտի Այցելեն 11 Յուլիսին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Ժաք Ֆոր ազրպէյճանական «Սալամ Նիուզ»-ին յայտնած է, որ իր ամերիկացի եւ ռուս գործընկերները` Ռոպըրթ Պրատքէ եւ Իկոր Փոփով, այսօր Ազրպէյճան պիտի այցելեն:

Ըստ ֆրանսացի համանախագահին, 11 յուլիսին անոնք պիտի այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ, որմէ ետք ալ` Երեւան:

Ան նշած է, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած հանդիպումներու ընթացքին քննարկուելիք հարցերուն մասին:

Share this Article
CATEGORIES