50 Տարի Առաջ ( 11 Յուլիս 1962 )

Ողջերթի Երեկոյթ
Դամասկոսի Մէջ

Քաղաքիս Միացեալ վարժարանին հոգաբարձութիւնը իր պատուոյ նախագահ Վահան Տօնապետեանին եւ քարտուղար Վահէ Աւետիքեանի Պէյրութ հաստատուելուն առիթով սարքեց ողջերթի երեկոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ յունիս 23-ի յետմիջօրէի ժամը 9:30-ին, վարժարանիս սրահին մէջ: Այս հաւաքոյթին կը մասնակցէին նաեւ վարժարանին խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու Շրջանային վարչութիւնը:

Երեկոյթին կը նախագահէր հոգաբարձութեան ատենապետ Ժ. Պայրամեան, որ քանի մը խօսքով ներկաներուն բացատրեց հաւաքոյթին նպատակը: Ա. Պետիկեան կարդաց ուղերձ մը` յանուն Շրջանային միութեան վարչութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միացեալականներուն շա՜տ սիրելի հայրիկին` Վ. Տօնապետեանին եւ Շրջանային միութեան մեղուաջան վարիչ Աւետիքեանին, որոնք երկար տարիներու ընթացքին, իրենց քանի մը պաշտօնակիցներուն հետ, ի գին ամէն դժուարութեան, ոչինչ խնայեցին փոքրիկ միացեալականները օժտելու որակաւոր ուսուցիչներով, զանոնք սնուցանելու հայեցի դաստիարակութեամբ եւ քաղաքացիական առողջ կրթութեամբ: Անոնք չբաւականանալով այդքան զոհողութեամբ, մեծ կարիքը զգացին հիմը դնելու Շրջանային Միութեան` փրկելու համար տարիներու ընթացքին իրենց հայեցի դրոշմով կնքած մատղաշ հոգիները օտար ապականած միջավայրերու խորթ  բարքերէն:

Ուսուցչական կազմին կողմէ խօսք առաւ Կ. պետիկեան, որ դրուատեց երկու սիրելի մեկնողներուն անձնազոհութիւնն ու համերաշխ գործակցութիւնը ուսուցչական կազմին հետ, ի շահ աշակերտութեան մտային ու հոգեկան կարողութեանց զարգացման:

Հոգեբարձութեան գանձապահ Յ. Հալաճեան` անդրադարձաւ իր երկու պաշտօնակիցներուն կատարած պատմական դերին` Միացեալի հիմնադրութեան օրերուն եւ գոյատեւման ընթացքին: Ան շեշտեց Վ. Տօնապետեանին ստացած  անհանդարտ վիճակը, երբ դպրոցը խոչընդոտի մը առջեւ գտնուած է: Անդրադառնալով Վ. Աւետիքեանին գործելու եղանակին, Յ. Հալաճեան ըսաւ, թէ ան կը նմանի Կոմսի խոնարհ հերոսներուն, որ վարագոյրին ետեւ անցած` ահագին գործեր գլուխ կը հանէ լռիկ-մնջիկ:

Այնուհետեւ սկսաւ հաւաքոյթին անպաշտօն մասը: Բաժակներ պարպուեցան Միացեալին, անոր համար աշխատող բոլոր անձերուն եւ մեկնող սիրելիներուն կենացը: Պ. Գոնեալեան խոր ապրումով արտասանեց Ն. Զարեան «Հայոց լեզուն», Լ. Տանայեան, Ժ. Պայրամեան եւ Մ. Շիմշիրեան իրենց շնորհալի ձայնով երգեցին տոհմիկ ժողովրդային երգեր: Կատարուեցան զուարճալի անակնկալներ եւ դրուագներ: Յուզիչ մթնոլորտի մէջ խօսք առին Վ. Աւետիքեան եւ Վ. Տօնապետեան, որոնք նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին երեկոյթը կազմակերպող իրենց պաշտօնակիցներուն եւ զիրենք ճամբու դնելու եկողներուն: Անոնք հաստատեցին, թէ Միացեալէն հեռանալու գաղափարը խոր վիշտ կը պատճառէ իրենց, սակայն դիտել տուին, որ ամէն օր իրենց հոգիները պիտի սաւառնին Միացեալի շուրջ: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին ամէն ձեւով օգնելու իրենց ձեռնասուն հաստատութեան: Յետոյ կոչ ուղղեցին ներկաներուն, մա՛նաւանդ շրջանաւարտներուն, գուրգուրալ իրենց դպրոցին վրայ եւ ամէն գնով աշխատիլ զայն բարձր դիրքի վրայ պահելու:

Երեկոյթը վերջացաւ կէս գիշերային Միացեալի քայլերգով: Վ. Տօնապետեան վարժարանիս առաջին տնօրէն` հանգուցեալ Արմէն Անոյշի յիշատակին, առաջարկեց վայրկեան մը յոտընկայս լուռ կենալ, որովետեւ հանգուցեալը բարոյական մեծ նպաստ բերած է այս հաստատութեան:

Ապա ներկաները ողջերթի բարեմաղթութիւններով բաժնուեցան իրենց սիրելի եւ անկեղծ բարեկամներէն:

Ա. ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դամասկոս

 

Յ. Ղպլիկեան Պարգեւատրուեցաւ
Ամերիկեան
Արժանեաց Պատուանշանով

Դեսպան Արմին Մայըր կը պարգեւատրէ Յովսէփ Ղպլիկեանը:

Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան արարողութեանց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  ընտանեկան հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ էին դեսպանատան բարձրաստիճան պաշտօնատարները, ինչպէս նաեւ` տիկին եւ որդի Ղպլիկեաններ:

Դեսպան Արմին Մայըր արարողութեան ընթացքին Պէյրութի Ամերիկեան տեղեկատու գործակալութեան հայ անդամներէն Յովսէփ Ղպլիկեանը մեծարեց, անոր կուրծքը յանուն ամերիկեան կառավարութեան զարդարելով Արժանեաց առաջին կարգի պատուանշանով: Դեսպան Մայըր շնորհաւորեց Յ. Ղպլիկեանը` իր բազմամեայ արդիւնաւէտ ծառայութեան համար:

Իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն` դեսպան Մայըր ըսաւ.

– Ուրախ եմ, որ Ուաշինկթընի կառավարութեան ղրկած այս բարձր պատուանշանով անոր կուրծքը զարդարելու առիթը ինծի վիճակուեցաւ, որովհետեւ ներկայ գտնուողներէն շատ աւելի գիտեմ անոր ծառայութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES