«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայաշէնի Կազմաւորումը Եւ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Կառուցումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծ վրանաքաղաքէն աւելի քան հարիւր ընտանիքներ, վիպա հիւանդութեամբ վարակուած ըլլալով, 1927-ին Քարանթինա փոխադրուեցան, բայց Քարանթինա, դէպի Մեքքէ իսլամ ուխտաւորներու կայան ըլլալով, գաղթականները հոնկէ ալ հանուեցան: Ստեղծուած կացութեան առջեւ 1929-ին Ազգերու դաշնակցութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ Պրիւնիէի ջանքերով գաղթականները Պէյրութ գետի դիմացի, մասամբ ձիթենիներով ծածկուած Քարըմ Զէյթուն (ձիթապտուղի այգի) կոչուող բլուրը փոխադրուեցան:
Պոլսահայ երկրաչափ Հայկ Գալէնտէրեան նախաձեռնեց հողատարածքի գնման: Իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրուեցաւ 64 քառակուսի մեթր հողաշերտ: Միաժամանակ քէմփերէն կարգ մը ընտանիքներ, որոնք կարելիութիւն ունէին, հողաբաժիններ գնեցին:
Էշրեֆիէի բարձունքին մաս կազմող այս բլուրը, որ զառիթափ կ՛իջնէ մինչեւ Պէյրութի գետափը, մինչեւ այդ ժամանակ անբնակ էր եւ գրեթէ առանձնացած Էշրեֆիէէն: Փոքրիկ ձոր մըն ալ զայն կը բաժնէր Էշրեֆիէէն դէպի Ռըմէյլ իջնող գօտիէն, ուր նոյն ժամանակ կազմաւորուեցաւ Սեփէթ Տուրմազ թաղամասը:
Գլխաւորաբար կարնեցի, տարօնցի եւ արաբկիրցի աւելի քան երեք հարիւր ընտանիքներ թաղային յանձնախումբ մը կազմեցին եւ Քարըմ Զէյթունի բլուրը մաքրելով թաղամասի հիմնադրութեան ձեռնարկեցին: Հողը սակաւ եւ շրջանն ալ զառիթափ ըլլալով, եւ հողաշերտերն ալ փոքր մասերու բաժնուած ըլլալով, մեծ եւ յարաբերաբար լայնարձակ բնակարաններ կառուցելու յարմարութիւններ չկային, եւ բոլոր բնակարաններն ալ համեստ եւ մէկ կամ երկու սենեակէ եւ խոհանոցէ բաղկացած էին: Իւրաքանչիւր հողաշերտ եւ բնակարան մէկը միւսէն կարմիր ցիցերով բաժնուեցաւ: Այդ պատճառով ալ թաղամասը կոչուեցաւ Գըրմըզը Գազըխ (Կարմիր ցից): Հետագային շինութեան հսկող երկրաչափին` Հայկ Գալէնտէրեանի անունով վերակոչուեցաւ Հայկաշէն եւ յետոյ ալ փոխուելով եղաւ Հայաշէն:
Գըրմըզը Գազըխի բնակիչները 1930-ին Դաւիթ Տարագճեանէ, Մարգար Կէտիկեանէ, Համազասպ Տէր Խաչատուրեանէ, Յակոբ Մղտեսեանէ եւ Երուանդ Գալֆայեանէ բաղկացած հոգաբարձութիւն մը կազմեցին: Հոգաբարձութիւնը Էշրեֆիէի թաղական խորհուրդին կապուեցաւ: Հոգաբարձութիւնը նոր կազմաւորուող թաղին զանազան հարցերով զբաղեցաւ եւ նախաձեռնեց մանկապարտէզի բացման աշխատանքներուն: Ազգային մանկապարտէզը բացուեցաւ 1931-ին: Արմենուհի Գարաքէօսէեան 1932-ին վարիչ մանկապարտիզպանուհի եղաւ. հետագային զայն փոխարինեց Լուիզ Պագրճեան:
Ազգային իշխանութեան որոշումով Գըրմըզը Գազըխ, Էշրեֆիէ, Ճերմակ տուներ, Սեփէթ Տուրմազ եւ Խալիլ Պատաուի թաղերուն եւ Մատամայի քէմփին համար 1932-ին ընդհանուր մէկ թաղականութիւն կազմուեցաւ, որուն մէջ իւրաքանչիւր թաղ իր ներկայացուցիչները ունեցաւ: Գըրմըզը Գազըխի ներկայացուցիչները եղան Դաւիթ Տարագճեան, Համազասպ Տէր Խաչատուրեան, Միսաք աղա Աւետիսեան, Խաչատուր Ոսկերիչեան եւ Պետրոս Ծառուկեան: Կազմուեցան նաեւ թաղային յանձնախումբեր` եկեղեցիի, դպրոցաշինութեան, դրամահաւաքի եւ ջրաբաշխումի համար:
Թաղի կազմաւորումէն ետք Նիկոլ Աղբալեան մտածեց Ճեմարանը հոն կառուցել եւ այդ նպատակով ալ յարմար հաղաշերտ մը ընտրեց, որ կ՛երկարէր Ասլանեաններու տունէն մինչեւ Ծառուկեաններուն տունը, բայց նիւթականի չգոյութեան պատճառով հրաժարեցաւ ծրագիրէն:
Եկեղեցի կառուցելու նպատակով 175 լիբանանեան ոսկիի հողաշերտ մը գնուեցաւ եւ շինութեան յանձնախումբ մը կազմուեցաւ: Այնուհետեւ աւելի քան 200 լիբանանեան ոսկի հանգանակուեցաւ. նոյնքան գումար ալ նուիրեց Գասպար Իփէկեան: Եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները սկսան 1935-ին: Շինութեան մասնակցեցաւ ամբողջ ժողովուրդը. իրենց օրուան աշխատանքէն ետք անոնք կը հաւաքուէին եւ լապտերներ վառած, անոնց լոյսով եկեղեցին կը կառուցէին:
Մինչ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները կը շարունակուէին, հանգանակուած գումարը վերջացաւ: Կիսաւարտ եկեղեցիին մէջ հաւաքոյթ մը սարքուեցաւ նոր հանգանակութեան համար. հրաւիրուեցաւ նաեւ Գասպար Իփէկեան: Հանգանակուեցաւ 275 լիբանանեան ոսկի, եւ նոյնքան գումար ալ նուիրեց Գասպար Իփէկեան: Հաւաքուած գումարով շինութեան կմախքը ամբողջացաւ: Իսկ տանիքը ծածկելու համար Իփէկեանի երաշխաւորութեամբ 285 ոսկիի սիմենթ եւ երկաթ գնուեցաւ Տարուիշ Հատտատի հաստատութենէն. յետոյ այդ գումարն ալ Իփէկեան վճարեց:
Եկեղեցւոյ շինութիւնը 1935-ի վերջաւորութեան աւարտեցաւ: Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս եւ Եղիշէ արքեպիսկոպոս Կարոյեան այցելեցին շրջան եւ ծանօթացան եկեղեցիի ու դպրոցի շինութեան աշխատանքներուն: Բաբգէն վեհափառին փափաքով եկեղեցին կոչուեցաւ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ, ի յիշատակ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքին: Եկեղեցւոյ օծումը տեղի ունեցաւ 31 մայիս 1936-ին, Եղիշէ արքեպիսկոպոս Կարոյեանի ձեռամբ եւ կնքահայրութեամբ: Օծումէն ետք 1937 մարտ 21-ին թաղական խորհուրդի ընտրութիւն կատարուեցաւ, որմէ ետք թաղին եկեղեցական ու դպրոցական գործերը անջատուեցան Էշրեֆիէի շրջանէն: Առաջին հովիւները եղան տէր Յուսիկ քահանայ Այանեան եւ տէր Խորէն քահանայ Աճէմեան, իսկ Միհրան Խրիմեան դպրապետ եղաւ:
Դպրոցը սկիզբը Ազգային մանկապարտէզ կը կոչուէր, 1934-ին կոչուեցաւ Ազգային նախակրթարան, իսկ 1940-ին վերակոչուեցաւ Ազգային Թորգոմեան երկսեռ վարժարան:
Հայաշէնի բնակիչները 1938-ին ձորէն վեց կտոր հողաշերտեր գնեցին:
* * *
Լիբանանի թեմի Գաւառական ժողովին եւ անկէ բխած մարմիններու գործունէութեան, վրանաքաղաքներու քանդումին, օտար որբանոցներուն եւ ընդհանուր առմամբ ժողովուրդի կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող հարցերուն անդրադառնալով «Ազդակ» 6 ապրիլ 1934-ի եւ «Ազգային մարմինները» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
«Հայ ժողովրդի ցանկութեամբ, Ազգային Սահմանադրութեան հիման վրայ, ընտրուած են մեր թեմի Գաւառական ժողովը եւ յարակից մարմինները: Ներկայիս բուռն պայքարներ չկան, հակօրինական տարրերը չափով մը լռած են, խանգարիչները հրապարակի վրայ չեն եւ սակայն, կարծէք թէ հասարակական հաստատութիւններն ալ տեսակ մը պաղած են եւ լքած հանրօգուտ գործերը:
Երկար ժամանակ է, որ գումարուած չէ Լիբանանի Գաւառական ժողովը, պաշտօնապէս եւ հրապարակաւ ստուգելու համար իրմէ բխած մարմիններու գործունէութեան չափը: Մամուլը ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի այդ մասին, նմանապէս եւ ժողովուրդը: Հետզհետէ կը կազմալուծուին եւ կը քայքայուին նաեւ գործադիր մարմինները, մինչդեռ հրատապ հարցերը կը շատնան, կը բարդանան եւ կը մնան անլուծելի: Կը խախտուի ազգային հիմնարկութիւններու միաձոյլ կառոյցը եւ օրէնքն ու կանոնն ալ կը կորսնցնեն արժէքն ու նշանակութիւնը: Ու աստիճանաբար կը տիրակալէ անկանոնութիւնը, անկարգութիւնը եւ օրէնքի կատարեալ անտեսումը:
Ահաւասիկ Քաղաքական ժողովը: Ունինք տեղաւորման հրատապ հարց, որով կը զբաղի Ազգերու Դաշնակցութեան տեղիս ներկայացուցչութիւնը: Մինչեւ հիմա կանոնաւորապէս իրազեկ չդարձանք թէ` ինչքա՜ն հայութիւն է տեղաւորուած գիւղերու մէջ, ո՞ր շրջաններու մէջ են բնակեցուած անոնք, նիւթական ու բարոյական ի՞նչ կացութեան մէջ կը գտնուին տեղաւորուածները, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այդ գործը եւ, վերջապէս, քանի՞ ընտանիք կայ, որոնց մասին կը խորհուի տեղաւորել հետագային: Կցկտուր, պատահական տեղեկութիւններ յաճախ եղած են. բայց լրիւ, ամբողջական զեկուցում հրապարակուած չէ մեր մամուլին մէջ: Անհրաժեշտ կը գտնենք, որ մեր Քաղաքական ժողովը զբաղի այս գործով` հայ հանրութիւնը լայնօրէն իրազեկ դարձնելու նկատառումով: Ինչքան շատ հետաքրքրուինք տեղաւորման աշխատանքներով, ինչքան մեծնան մեր ժողովրդի ծանօթութեանց սահմանները այդ ազգանուէր ձեռնարկի կատարած գործի վերաբերմամբ, այնքան կը բարձրանայ մեր յարգանքի չափը:
Կարեւոր է եւ հրամայական նաեւ վրանաքաղաքները քանդելու կարգադրութիւնը: Մեր ժողովուրդը նիւթական տագնապ կ՛ապրի, գործազրկութիւնը անօրինակ չափերու կը հասնի եւ թշուառութեան կը մատնէ մեր աշխատաւորութիւնը: Հնարաւոր չէ՞ միթէ, որ հիւղակները յամենայն դէպք փլցուին մաս-մաս, աստիճանաբար, որպէսզի զանգուածները հնարաւորութիւն ունենան իրենց կարողութեանը համեմատ բնակարաններ գտնել եւ կարիքները հոգալ: Մեր Քաղաքական ժողովի միջամտութիւնը կը սպասուի: Երկրի համապատասխան իշխանութիւններու հետ յարաբերութեան մէջ մտնելով եւ պատշաճ միջնորդութիւններ յարուցելով թերեւս հնարաւոր դառնայ այս հարցը միանգամ ընդ միշտ կարգադրել եւ կանուխէն պաշտօնապէս այդ մասին յայտարարել հանրութեանը: Այլապէս վրանաբնակ ժողովուրդը միշտ ալ ենթակայ կը մնայ անակնկալներու:
Կայ նաեւ օտար որբանոցներու հարցը: Կարծէք թէ անծանօթ աշխարհ մըն է այն հայութեան համար: Այդ որբանոցներուն մէջ համախմբուած են բազմաթիւ հայ որբեր, որոնք կը խնամուին, կը դաստիարակուին եւ չափով մըն ալ գրագէտ կամ կիսագրագէտ կը դառնան: Ո՞ւր են այդ որբանոցները, քանի՞ որբ կայ այդ հաստատութեանց մէջ, ինչպէս կը խնամուին, ի՞նչ ոգիով կը դաստիարակուին: Չենք գիտեր: Կը սպասենք, որ մեր Քաղաքական ժողովը զբաղի այլեւ այս որբանոցներով:
Իրաւական նեղմիտ հարցեր չէ, որ մենք կը շօշափենք եւ բնաւ մտադրութիւն չունինք քննադատելու հայանպաստ հիմնարկութիւնները: Մենք կ՛ուզենք, որ մեր ժողովրդի կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող, անոր կենսական շահերը շօշափող բոլոր հարցերը քննէ, կարգաւորէ, իր դիտողութիւններն ընէ, ուղիներ մատնանշէ, սխալներն արձանագրէ մեր գործադիր մարմինը` Քաղաքական ժողովը: Համակրանքի արժանի նման գործունէութիւն, հարկաւ, պատկառանք ու յարգանք կը ներշնչէ ոչ միայն հայ հանրութեանը, այլ եւ մեր յիշատակած բոլոր հաստատութիւններուն: Գաւառական ժողովն ալ պարբերական գումարումներով պարտաւոր է շարունակ ստուգել կատարուած գործը: Բնաւ չկարծենք թէ, երբ լուռ է ժողովուրդը, ան չի հետեւիր եւ չի հետաքրքրուիր թէ ի՛նչ կ՛անցնի ու կը դառնայ: Արթուն ու բարեխիղճ վարիչներու գործերը միշտ գնահատուած են եւ արժանացած երախտագիտութեան:
Վերջացնելէ առաջ կ՛ուզենք անգամ մը եւս յիշեցնել, որ ազգային հաստատութիւններու անտարբերութեան հետեւանքով սերտ կապը կը խզուի իրենց եւ մեր ժողովուրդին միջեւ: Հասարակական բոլոր հարցերը, որ կ՛արծարծուին խորհրդակցութիւններու ժամանակ, խնդիրները, որ լուծում կը ստանան, պիտի չմնան փոքրաթիւ պաշտօնական անձերու շրջանակին մէջ: Ժողովուրդն իրազեկ պիտի ըլլայ թէ` իր քուէով ընտրած մարմինները ի՞նչ կ՛ընեն եւ ինչո՞վ կը զբաղին: Կապը` մարմիններու եւ ժողովրդի միջեւ` որքան կենդանի ըլլայ, այնքան ալ կրթիչ եւ դաստիարակիչ նշանակութիւն կ՛ունենայ հաւաքականութիւններու համար:
Արդ, անհրաժեշտ է, որ մեր Գաւառական եւ Վարչական ժողովներու, ինչպէս եւ յարակից այլ մարմիններու աշխատանքներու մասին պարբերաբար զեկուցումներ տրուին հանրութեանը մամուլի միջոցաւ: Կ՛ունենայ այդ այլ եւ այն նշանակութիւնը, որ ժողովուրդն ինքնաբերաբար յենակ կը հանդիսանայ իր վստահութիւնը վայելող հանրային հաստատութիւններուն, օժանդակելով հանրային հաստատութիւններուն, օժանդակելով ոչ միայն բարոյապէս, այլ եւ նիւթապէս, որը գլխաւոր պատճառներէն մէկն է հասարակական աշխատանքներու անյաջողութեան: Ունենանք միշտ այն հաստատ համոզումը թէ` երբ ազգանուէր գործեր կատարուին բարեխղճօրէն, մեր ժողովուրդն ալ իր հերթին կը բերէ սպասուած օժանդակութիւնը` նիւթական եւ բարոյական»:






