Հայրենի Կեանք
«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնին
Մասնակից Պարախումբերը Աշնակի Մէջ
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ պարարուեստի օրեր տեղի կ՛ունենան մարզերուն մէջ: 5 յուլիսին խումբերը այցելած են Թալինի շրջան, Աշնակ գիւղ: Սփիւռքի տարբեր երկիրներէ եկած պարախումբերը նախ ծաղիկներ զետեղած են Գէորգ Չաւուշի տուն-թանգարանին մօտ որմէ ետք գիւղի դպրոցին եւ կենցաղի տան բակին մէջ երգ ու պարով զանոնք դիմաւորած են Թալինի շրջանի քանի մը պարախումբեր: Բոլորը միասին պարած են Սասնայ պարեր: Աշնակի մէջ պարած են ոչ միայն պարախումբերը, այլ նաեւ` տեղի ամբողջ երիտասարդութիւնը:
Այս այցելութեան ներկայ գտնուած է նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ փառատօնին օրերէն մէկը նուիրած են Աշնակ գիւղին, նկատի առնելով այն, որ անոնք կրցած են պահպանել ոչ միայն սասունցիի ուժեղ կամքը, այլ նաեւ ` մշակոյթը, պարը, երգը:
Փառատօնը կազմուած է քանի մը մասերէ` պար, երգ, անհատ կատարողներու եւ տուտուկի կատարումներ:
Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքը եզրափակած է կարեւոր համարելով այն, որ փառատօնը չ՛իրականացուիր մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին, այլ պիտի տեւէ մօտաւորապէս վեց ամիս:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Եարոյեան նշած է, որ փառատօնին առանձնայատկութիւններէն մէկը անոր` Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ իրականացուիլն է:
«Հայաստանի մէջ կը գտնուին սփիւռքի զանազան երկիրներէ 31 պարախումբեր, իսկ Աշնակի մէջ` 300 պարող: Արդէն պարախումբերը ելոյթներ ունեցած են` Գիւմրիի, Վանաձորի, Լոռիի, Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքին, Սպիտակի, Սեւանի եւ Մարտունիի մէջ: Աշնակ գիւղը կը հանդիսանայ հայկական պարի ազգագրական կեդրոններէն մէկը եւ կարելի չէր, որ ան անմասն մնար փառատօնէն», շեշտած է Ս. Եարոյեան:
Նշենք, որ յուլիս 6-ին սփիւռքահայ եօթը պարախումբը մեկնած է Արցախ, այնուհետեւ` Սիւնիքի մարզ եւ Վայք: Իսկ յուլիս 10-ին փառատօնի առաջին մասին փակումը կատարուած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
Այս Տարի «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնին Ծրագիրը
Հասանելի Պիտի Ըլլայ Նաեւ Բջիջային Ցանցով
Այս տարի «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան 9-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնին ցուցադրութիւններու ծրագիրը հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ բջիջային ցանցով:
«Մշակուած է յատուկ բջիջային ծառայութիւն, որ կ՛ընդգրկէ փառատօնի ցուցադրութիւններուն ամբողջական ծրագիրը, ներառեալ` ցուցադրուող շարժանկարներուն օրը, ժամը, վայրը, ինչպէս նաեւ` շարժանկարներու մասին հակիրճ տեղեկութիւն»: Այս մասին մամլոյ ասուլիսով յայտարարած է փառատօնի միջազգային բաժինի վարիչ Տաթեւ Մարտիրոսեան:
Ըստ անոր, ծրագիրը կը ներառէ նաեւ յիշեցման ծառայութիւն, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ նշել նախընտրած շարժանկարը եւ բջիջային հաղորդագրութեամբ ժապաւէնին ցուցադրութենէն մօտաւորպաէս 2 ժամ առաջ ստանալ յիշեցումը: Ծրագիրը արդէն իսկ սկսած է գործել 5 յուլիսին:
Յիշեցնենք, որ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 8-15, որուն ծիրին մէջ պիտի ներկայացուին մօտաւորապէս 170 երկարատեւ եւ կարճատեւ խաղարկային եւ վաւերագրական շարժանկարներ, որոնցմէ մօտաւորապէս 90-ը պիտի մրցին 4 մրցութային անուանակարգերու համար, իսկ միւսները պիտի ներկայացուին յատուկ արտամրցութային ծրագիրներու մէջ:
«Ոսկէ ծիրան» 9-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը ազդարարուած է 8 յուլիսին, Համօ Բեկնազարեանի` 1926-ին ստեղծուած «Շոր եւ շորշոր» կատակերգութեամբ, որ ներկայացուած է Վահագն Հայրապետեանի եւ իր ճազ խումբին կողմէ` «Ոսկէ Ծիրան»-ին համար յատուկ մշակուած նոր երաժշտական ձեւաւորումով:
Շարժանկարներուն ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Մոսկուա» եւ «Նայիրի» շարժապատկերի սրահներուն, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնի դահլիճներուն մէջ:
15 յուլիսին փառատօնը պիտի ամփոփուի Քաննի 65-րդ փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր «Սէր ժապաւէնով»: Շարժապատկերի ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակներէն մէկուն` «Ոսկէ Արմաւինի»-ի կրկնակի մրցանակակիր, հռչակաւոր Միքայէլ Հաննեքի սիրոյ եւ հաւատարմութեան մասին պատմող ժապաւէնը յատկապէս արժեւորուած է աշխարհահռչակ դերասաններու` Ժան-Լուի Թրանթինեանի, Էմանուէլ Ռիվայի եւ Իզապէլ Հապըրթի խաղարկութեամբ: Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ միացեալ արտադրութեամբ ծնունդ առած ժապաւէնը կը պատմէ տարեց զոյգի մը` երաժշտութեան ուսուցիչներ Աննի եւ Ճորճի սիրոյ փորձառութեան մասին:
Փառատօնը կը գործադրուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Հետաքրքրական է այն, որ այս տարի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի կազմակերպող մարմինը յայտարարած է հայկական շարժանկարին վերաբերող լաւագոյն յօդուածաշարի մրցոյթը, որուն պարտադիր պայմաններէն մէկը այն է, որ առնուազն հինգ նիւթէ բաղկացած շարք մը ներկայացուի եւ որոնք պէտք է ըլլան ոչ պարզապէս տեղեկատուական, այլ` հետազօտական եւ վերլուծական բնոյթի:
Մրցոյթը պիտի դիտարկէ փառատօնի ընթացքին եւ աւարտէն ետք մինչեւ յուլիս 30 հրապարակուած նիւթերը: Այս նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ առաւել աշխուժացնել փառատօնին մասնակից հայկական շարժանկարներուն շուրջ հետաքրքրութիւնը եւ այդպիսով փորձել առաւել զարկ տալ հայկական շարժանկարի զարգացման:
Մրցոյթը կը սահմանէ երկու մրցանակ, իւրաքանչիւրը` 500 ամերիկեան տոլարի դրամական պարգեւի չափով, որոնք համապատասխանաբար պիտի շնորհուին շարժանկարի մէկ մասնագէտի եւ մէկ լրագրողի:
Գրադարանագիտութեան Հարցերուն Նուիրուած
Միջազգային Գիտաժողով Երեւանի Մէջ
«Կիւթենպերկէն մինչեւ համացանց. անաւարտ պատմութիւն գրադարաններու համար» նշանաբանով, յուլիս 3-5 Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ գրադարանագիտութեան արդի հարցերուն նուիրուած միջազգային եռօրեայ գիտաժողով:
Ըստ «Գիրք» հիմնադրամի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան, գիտաժողովը կազմակերպուած է Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելու ծիրին մէջ, նախաձեռնութեամբ` մշակոյթի նախարարութեան, Ազգային գրադարանին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ «ելեկտրոնային տեղեկատուութիւն գրադարաններուն» կազմակերպութեան:
Եռօրեայ աշխատանքային քննարկումներուն ընթացքին, գիտաժողովին մասնակցողները անդրադարձան զարգացող երկիրներու մէջ մտաւոր սեփականութեան եւ հեղինակային իրաւունքին, ինչպէս նաեւ «Ազատ մատչելիութեան» սկզբունքին հիման վրայ գիտական ամսագիրներու հրատարակման հարցերուն: Անոնք անդրադարձած են նաեւ գրադարաններու ծրագիրներու ներկայացման ծրարներուն, որոնք կը տարածուին անվճար, կը սպասարկուին գրադարանավարներու ուժերով եւ մեծ տարածում ունին ամերիկեան եւ եւրոպական գրադարաններու մէջ:
Գիտաժողովի լիակատար զեկուցումներուն եւ աշխատանքային քննարկումներու ընթացքին մասնակցողները պիտի ծանօթանան նաեւ եւրոպական եւ հիւսիս-ամերիկեան երկիրներու մէջ գրադարանային ոլորտին մէջ կուտակուած փորձերուն եւ նոր ձեռքբերումներուն: Ասկէ բացի, միջազգային շուկային մէջ առաջատար 13 հրատարակիչներ գիտաժողովի մասնակցողներուն պիտի ցուցադրեն իրենց արտադրանքը:
«Արի Տուն» Ծրագիրին 3-րդ Հանգրուանին Բացումը
Կատարուած Է 2 Յուլիսին
«Արի տուն» ծրագիրի ծիրին մէջ սփիւռքահայ երիտասարդներու Հայաստան ճանաչողական այցելութիւնները կը շարունակուին. արդարեւ, 2 յուլիսին կայացաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Արի տուն» ծրագիրին 3-րդ հանգրուանին բացումը:
Ծրագիրին մասնակցած են սփիւռքահայ 110 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ` Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Աբխազիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Ռումանիայէն եւ Քանատայէն: Անոնք հայրենիքը պիտի վայելեն մօտաւորապէս 15 օր:
Բացումին ներկայ գտնուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ նախ բարի գալուստ մաղթած է մասնակցողներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց ծնողներուն, որոնք վստահած եւ հայրենիք ուղարկած են իրենց զաւակները:
Նախարարը հաղորդած է, որ սփիւռքահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները պիտի հիւրընկալուին Շէնգաւիթ համայնքի, յատկապէս Արարատի մարզին մէջ բնակող ընտանիքներու կողմէ:
Հրանուշ Յակոբեան յիշեցուցած է, որ «Արի Տուն» ծրագիրը կ՛իրականացուի 2009-էն ի վեր եւ ընդհանուր առմամբ մինչեւ օրս Հայաստան այցելած է սփիւռքահայ մօտաւորպէս 2000 երիտասարդ: Ան նշած է, որ այս տարի կ՛ակնկալուի 1000 երիտասարդի այցելութիւն աշխարհի 35 երկիրէ: Նախարարը իր խօսքի աւարտին յորդորած է մասնակցողները` ըսելով, որ` «Ձեզմէ շատերը գուցէ դժուարութեամբ հայերէն կը խօսին, բայց եւ այնպէս հայրենիքի մէջ խօսինք միայն հայերէն, թէկուզեւ` ձեր ջարդուած հայերէնով, որպէսզի ձեր մայրենին սկսիք աւելի սիրել եւ աւելի շատ օգտագործել»:
Աբխազիոյ խումբի ղեկավար Սաթենիկ Դաւթեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է այսպիսի կարելիութիւն ստեղծուելուն համար եւ խոստացած է, որ ամէնուրեք բարձր կը պահեն հայու անունը: Իսկ Սուրիոյ խումբի ղեկավար Ճորճ Մելքոնեան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնած է, այն կարգադրութեան համար, որ սուրիահայերու խումբը հայրենիք պիտի մնայ ոչ թէ նախատեսուած 15 օրերը միայն, այլ` մինչեւ սեպտեմբեր, որուն կարգադրութիւնները հոգացած է սփիւռքի նախարարը անձնապէս:
Յիշեցնենք, որ «Արի տուն-2012» ծրագիրը սկսած է իրականացուելու յունիս 10-էն եւ պիտի տեւէ մինչեւ սեպտեմբեր 1` ութ հանգրուաններով: Այս տարի եւս ծրագրին մէջ ներառուած է չորսօրեայ ճամբարային հանգիստ Աղաւնաձորի մէջ:
Տոլմայի Փառատօն Հայաստանի Մէջ
Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ յուլիս 11-ին տեղի պիտի ունենայ ազգային-աւանդական ճաշատեսակի` տոլմայի փառատօն, որ կազմակերպուած է «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը:
Փառատօնը կը նպատակադրէ հայ աւանդական կերակուրներու տեսակներուն ժողովրդականացումը եւ հայոց ոչ նիւթական մշակութային արժէքներէն մէկը համարուող հայկական խոհանոցին ամրագրումը, ինչպէս նաեւ տոլմայի ներկայացումը իբրեւ հայկական կերակուրի տեսակ` հերքելով այն տարածուած կարծիքը, որ այս կերակրատեսակը ունի թրքական արմատներ:
Տոլման հայերու ամէնէն սիրած, ամէնէն տարածուած կերակուրի տեսակներէն մէկն է եւ հայ մշակոյթի մէջ ունի նաեւ ծիսական նշանակութիւն: Տոլմայի պատրաստութիւնը ժամանակատար աշխատանք է եւ բաւական բարդ: Նշենք, որ աւանդական տոլման եղած է գառնուկի միսով եւ խաղողի տերեւով:
Փառատօնին 20 տաղաւարներ պիտի ներկայացնեն իրենց պատրաստած տոլմայի տեսակները, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ մրցում` լաւագոյն տոլման պատրաստողը որոշելու համար:
Տեղեկացնենք, որ ստանալով շատ դրական արձագանգներ տոլմայի փառատօնին մասին` «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը որոշած է զայն դարձնել ամէնամեայ ձեռնարկ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

