Հայ Աւետարանակա Քոլեճի Նախակրթարանի Եւ Երկրորդականի Միացեալ Հանդէս

Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի երկրորդական բաժնի եւ նախակրթարանի վկայականներու բաշխման միացեալ հանդէսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեան յաջորդեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Կարինէ Չոլաքեանի աստուածաշունչ մատեանէն ընթերցումը եւ աղօթքը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ օրուան բանախօս, Հայ աւետարանական քոլեճի նախկին շրջանաւարտ տոքթ. Պարոյր Աղպաշեան: Ան շեշտեց, թէ լիբանանահայ վարժարանները ունին իրենց արժանի դիրքը, կը գրաւեն օրինակելի տեղ եւ կը վայելեն համապատասխան բարձունք, աւելցնելով, որ Հայ աւետարանական քոլեճը իր պանծալի անցեալով կրթաուսումնարան մըն է, որ իր օրինակելիութեամբ եւ յարատեւութեամբ կը մնայ պատնէշի վրայ: «Լիբանանահայ վարժարանները իրենց ուսումնական մակարդակներով, պետական ծրագիրներով, ազգային, հայրենասիրական եւ մշակութային արուեստասիրական ներդրումներով մեղուափեթակներ են, ուր նորափթիթ հայորդիներ կը յաճախեն` աճելով ու լիցքաւորուելով, յղկուելով ու կազմաւորուելով իբրեւ հայ եւ իբրեւ մարդ», հաստատեց Աղպաշեան` վեր առնելով հայկական վարժարաններուն ունեցած դերը գաղութին մէջ:

Այնուհետեւ վարժարանին երգչախումբը մեկնաբանեց «Մեր աշխարհ» եւ «Հզօր Հայաստան» երգերը, որուն յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւն: 12-րդ դասարանին տիպար աշակերտի շքանշան ստացան Րաֆֆի Քեստենեան եւ Նայիրի Գրիգորեան: Աւարտական դասարանի աշակերտներուն  անունով խօսք առին Կարին Հայտոսթեան` հայերէն եւ Նայիրի Գրիգորեան` արաբերէն: Անոնք շեշտեցին, թէ իրենց «ճամբորդութիւնը» Հայ աւետարանական քոլեճէն ներս եղած է ապահով, ուրախ, յաջող, սիրելի, տքնաջան եւ արդիւնաբեր, աւելցնելով, որ քոլեճը իրենց ջամբած է կրթութիւն, դաստիարակութիւն եւ հոգեւոր սնունդ: Անոնք շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին քոլեճի տնօրէնին, ուսուցչակազմին, ծնողներուն եւ Աստուծոյ:

Վկայականներու բաշխման յաջորդեց վարժարանի տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեանին խօսքը` ուղղուած շրջանաւարտներուն: Ան մաղթեց, որ շրջանաւարտներուն կեանքը ըլլայ երկար եւ հարուստ` իրենց ընտանիքին, ազգին ու մարդկութեան հանդէպ իրենց ծառայութեամբ, նաեւ ըլլայ լեցուն կեանք մը` ոչ ինքնակեդրոն ու եսասիրական, այլ` կեանք մը, որ գնահատուի բոլորէն եւ ըլլայ հայավայել ու քրիստոնավայել: «Ձեր պարտականութիւնն է տէրը մնալ մեր ազգային եւ հոգեւոր ժառանգութեան ու զայն փոխանցել ապագայ սերունդներուն», հաստատեց Զ. Մսըրլեան: Անդրադառնալով հայ տպագրութեան 500-ամեակին` տնօրէնը շեշտեց, որ հայ գիրքը մեր ազգային արժէքներու Գանձատունն է, հետեւաբար որպէս հայ ազգի զաւակներ` հարկ է տէր կանգնիլ իրենց փոխանցուած աւանդին եւ հարստութեան եւ չլքեն հայ գիրքը, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերեն հայ կեանքին եւ անոր հրամայականներուն:

Ապա վարժարանի աշակերտներէն Քրիսթին Մա՛ամարպաշի դաշնակի վրայ ներկայացուց երաժշտական կտոր մը, որմէ ետք Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատ. Հրայր Չոլաքեան իր կարգին շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն վարժարանի վերելքին եւ օրհնութեան աղօթքով փակեց հանդէսը:

Հարկ է նշել, որ հանդիսութեան ընթացքին տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան յուշանուէր մը յանձնեց վարժարանի ուսուցիչ տոքթ. Արմէն Իւրնէշլեանին` տոքթորայի վկայական ստանալուն առիթով: Ան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի նախագահ Արա Աբրահամեանի կողմէ գնահատագիր յանձնեց վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Անի Աղպաշեանին: 2011-2012 տարեշրջանի շրջանաւարտներն են.

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ Զ. ԴԱՍԱՐԱՆ
Ռըտա Աթուի, Յովիկ Գասպարեան, Ալեք Գոճամանեան, Կարօ Եմենիճեան, Սերժ Թերզեան, Կերի Լեփեճեան, Փերլա Պասեթ:

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԺԲ. ԴԱՍԱՐԱՆ
Կարին Ադամեան, Նայիրի Գրիգորեան, Գրիգոր Եմենիճեան, Վիգէն Իգնատոսեան, Զաւէն Լեփեճեան, Կարին Հայտոսթեան, Գարոլին Պաղտասարեան, Րաֆֆի Քեստենեան:

Share this Article
CATEGORIES