Չելսիի Նախկին Յառաջապահ Քալու Միացաւ Լիլի

Սալոմոն Քալու

Ֆրանսական Լիլ ֆութպոլի ակումբին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ փղոսկրեայ ափունքցի միջազգային յառաջապահ Սալոմոն Քալու, որ վերջին վեց տարիներուն մաս կը կազմէր Չելսիի, միացաւ խումբին` չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:

26 տարեկան Քալու Չելսիի հետ իր վերջին մրցումը կատարեց նախորդ մայիսին, Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին, որմէ ետք լոնտոնեան կազմը անոր նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկեց:

Լիլ, որ 2011-ին հանդիսացաւ Ֆրանսայի ախոյեան, նոր տարեշրջանին համար փոխ առած է Քալուի Լիվըրփուլի նախկին խմբակից Ճօ Քոլը:

 

Share this Article
CATEGORIES