Քէյթա Պիտի Լքէ Պարսելոնան

Սէյտու Քէյթա

Պարսելոնայի կայքէջը կը հաղորդէ, որ մալիցի միջնապահ Սէյտու Քէյթա, որոշած է լքել իր ակումբը` չորս տարի անոր մաս կազմելէ ետք:

Պարսայի ֆութպոլի ակումբին մէկ պատասխանատուն ըսաւ, որ նախորդ շաբաթավերջին 32 տարեկան Քէյթա, ըսաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ան պիտի չմնայ կազմին հետ:

Ան փոխանցուած էր Սեւիլլայէն նոյն այդ տարին, երբ Փեփ Կուարտիոլա նշանակուած էր խումբի մարզիչ:

Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան կը հեռանայ Պարսելոնայէն, որովհետեւ Կուարտիոլա իր կարգին հեռացած է: Ան շատ մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր իր մարզիչին հետ, հակառակ անոր որ ընդհանրապէս նկատի կ՛առնուէր իբրեւ պահեստի մարզիկ:

«Նու Քամփ» իր կեցութեան ընթացքին Քէյթա Պարսելոնայի հետ տիրացած է 14 տիտղոսներու, որոնց կարգին` Սպանիոյ 3 ախոյեանութեան, Սպանիոյ 2 բաժակի մրցաշարքի եւ 2 «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսներուն:

Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, շատ հաւանական է, որ ան մեկնի Չինաստան եւ միանայ «Սուփըր լիկ»-ի կազմերէն Տալիան Այերպինի:

 

Share this Article
CATEGORIES