Գալուստ Պետրոսեան Միացաւ Ուլիսի
Ուլիսի գլխաւոր մարզիչ Սեւատա Արզումանեան Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջին յայտնեց, որ խումբին միացած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Գալուստ Պետրոսեան, որ վերջին տարիներուն ելոյթ կ՛ունենար Իրանի մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի ախոյեանը` Ուլիս, իր կազմին մէջ չուզեց պահել վրացի միջնապահ Կէորկի Մանծկաւան, որ նախորդ յունիսին միացած էր Ուլիսի:
Նշենք, որ Ուլիս Երեւան այժմ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կը շարունակէ նախապատրաստուիլ յառաջիկայ 17 յուլիսին Շերիֆի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այս մրցումին Ուլիսի կազմէն դաշտ պիտի ներկայանան Միքայի մարզիկներ Գէորգ Գասպարով եւ Աղուան Մկրտչեան:
CATEGORIES Մարզական


