Կարլեն Մկրտչեան Ցարդ Կը Մնայ Երեւանի Մէջ
Իր լուրերը քաղելով Մեթալուրկ Տոնեցքի մամլոյ քարտուղարութենէն` Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ուքրանական կազմի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան ցարդ կը մնայ Երեւանի մէջ: Ան 6 յուլիսին ենթարկուեցաւ քիթի վիրաբուժութեան: Սկզբունքով Երեւանի մէջ իր կատարած վիրաբուժութենէն ետք ան շուտով պիտի մեկնէր Հայաստանէն, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր քիթին արիւնահոսութիւնը չի դադրիր, ան չկրցաւ միանալ Մեթալուրկի եւ իր խմբակիցներուն հետ մասնակցիլ ուսումնամարզական հաւաքներուն:
Շատ հաւանաբար, ան իր խմբակիցներուն միանայ մօտ շաբաթ մը ետք:
Նշենք, որ այսօր Մեթալուրկ Ուքրանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով պիտի մրցի Շախտիոր Տոնեցքի դէմ, իսկ 14 յուլիսին կը սկսի Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը:


