Այսօր Կը Յստականայ Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Նոր Մարզիչին Անունը
Երէկ, Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ այսօր` երեքշաբթի, 10 յուլիսին կը յստականայ անունը Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչին, որ պիտի յաջորդէ հոլանտացի Տիք Ատվոքաաթի: Վերջինիս հեռացումէն ետք խումբը կը մնայ առանց մարզիչի: Հոլանտացին հեռացաւ իր պաշտօնէն` նկատի ունենալով, որ Ռուսիա Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին արձանագրեց ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներ:
Նշենք, որ նկատի առնուած թեկնածուներն են Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ, Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի, Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա եւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի իտալացի մարզիչ Լուչիանօ Սփալլեթթի:
CATEGORIES Մարզական

