Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբ. «Պանք Մաուարիտ Ալէյ» Վազքի Մրցումին Մասնակցեցան Աւելի Քան Հազար Վազողներ
Աւելի քան հազար երկսեռ վազողներ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Պանք Մաուարիտ Ալէյ» վազքի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 յուլիսին, կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ Ալէյի քաղաքապետութեան:
Վազքի մրցումին ներկայ էին նախարար Մարուան Խէյրէտտին, երեսփոխաններ Հանրի Հըլու եւ Ֆատի Հապըր, այլ անձնաւորութիւններ, մարզական ակումբներու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
Վազքի այս մրցումը սկսաւ Աթլալ Ալէյ ճաշարանին դիմացէն, առաւօտեան ժամը 7:30-ին: Տեղի ունեցան երկու դասակարգի վազքի մրցումներ` 5 եւ 10 քմ:
Անոնց երկուքին ազդանշանը տուին նախարար Մարուան Խէյրէտտին եւ Ալէյի քաղաքապետ Ուաժտի Մրատ:
Արձանագրուած արդիւնքներուն մէջ, որոնք ուղարկուեցան «Ազդակ»-ի մարզական բաժինին, տեսնուեցան երկու հայերու անուններ, որոնք տեղ գրաւեցին առաջին երեքին մէջ:
Աղջկանց 30-34 տարեկան դասակարգին մէջ Քարոլ Պոյաճեան գրաւեց 2-րդ դիրքը` արձանագրելով 53′ 10″ արդիւնք մը` 10 քմ վազքին մէջ:
Դարձեալ 10 քմ.ին մէջ, սակայն աղջկանց 40 տարեկան եւ վեր դասակարգին մէջ, Պարպարա Աղանեան գրաւեց երրորդ դիրքը` արձանագրելով 1 ժամ 8′ 46″ արդիւնք մը:
Նշենք, որ վազքի այս մրցումը ուղղակիօրէն պատկերասփռուեցաւ «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանէն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` մարաթոնի պատասխանատուներուն եւ այլ անձնաւորութիւններու կողմէ:

