50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 14 ապրիլ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԸՆԿԵՐ ՊԵՏՕ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ

Թեհրանի «Ալիք»ը կը գրէ (27 մարտ).-

Իրանի նաւթային ընկերութեան Գերագոյն խորհրդին առաջարկով, երեսուն տարիների իր երկար ու անբասիր ծառայութեան համար, ի շարս այլոց, մեր ընկերը` Պետօ Գրիգորեան, արժանացաւ «Նաւթի շքանշանի»:

Պետo Գրիգորեանը այս երկրորդ անգամն է, որ արժանանում է Ն. Կ. Մ. արքայի ունկնդրութեան:

Առաջին անգամ 1957 թ. սեպտեմբերին` իբրեւ Իրան-իտալական նաւթային ընկերութեան ընդհանուր քննիչ, երկրորդ անգամը` 1961 թ. մարտ 10-ին, ներկայ առիթով, որի ընթացքին պարգեւատրուեց վերոյիշեալ շքանշանով:

Պետօ Գրիգորեանը տասնեակ տարիների վաստակ ունի նաեւ մեր հանրային-հասարակական կեանքում, վարել է բազմաթիւ գործեր, եղել է ազգային մարմինների անդամ, ուր աշխատել է նոյնքան նուիրուած ու անբասիր կերպով:

ՊԵՏՐՈՍ ՌԱՖԱՅԷԼԵԱՆԻ
ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի կէսօրէ ետք, ժամը 3-ին, ընկերներու, բարեկամներու եւ ազգականներու ստուար բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը Պետրոս Ռաֆայէլեանի, բնիկ սսեցի, հայրը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արշակունի Ռաֆայէլեանի:

Յուղարկաւորութեան կարգի արարողութիւններուն նախագահեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, որ խօսեցաւ յուզիչ դամբանական մը` վեր հանելով հանգուցեալին արժանիքները` իբրեւ տիպար հայու, աւանդապաշտ մարդու եւ ընտանիքի բարի հօր:

Ապա յուղարկաւորներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Պուրճ Համուտի Ազգ. գերեզմանատունը, ուր տեղի ունեցաւ թաղումը:

ԶԱՏԻԿԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

ԲԱՆԱԿԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ,
ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ, ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ
ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Հալէպի մեր պաշտօնակից «Արեւելք» 5 ապրիլի թիւին մէջ կը գրէ.

Ս. Զատկուան առիթով հայ ժողովուրդը Հալէպը վերածեց ուխտատեղիի մը: Հալէպի բոլոր եկեղեցիները լեցուած էին հաւատացեալներով, աթոռանիստ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին մէջ, ուր պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ Ղեւոնդ արք., ժամերգութիւնը աւարտեցաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Ս. Յարութեան տօնին առիթով սրբազան հայրը ընդունեց այցելութիւնները պետական անձնաւորութիւններու` գլխաւորութեամբ նահանգապետին, բանակի ընդհանուր հրամանատարին, ոստիկանութեան տնօրէնին: Սրբազան հայրը ընդունեց նաեւ հոգեւոր պետերը, քատին, միւֆթին, ոստիկանութեան եւ ապահովութեան սպասարկութեանց պատասխանատուներ, երեւելի անձնաւորութիւններ, հիւպատոսներ, տեղական թերթերու ներկայացուցիչները, բազմաթիւ ազգայիններ եւ այս օրերուն Հալէպ գտնուող ազգայիններ Մ. Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գահիրէէն, Պէյրութէն եւ այլ շրջաններէ:

ՀԱԼԷՊԻ ԹԵՐԹԵՐԸ ՀՄԸՄ-Ի 34-ՐԴ
ՄԻՋՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Հալէպի մէջ հրատարակուող «Շեպապ», «Պարք Շիմալ», «Թերպիէ» եւ «Վաթան» թերթերը, պերճախօս վերտառութիւններու տակ, մեծ գովեստով անդրադարձան ՀՄԸՄ-ի 34-րդ միջմասնաճիւղային հանդիպումներուն:

Տեղական մամուլը մանրամասնօրէն նկարագրելէ ետք Հալէպ-Պէյրութ ֆութպոլի եզրափակիչ մրցումը, որ վերջ գտաւ 1 – 1 արդիւնքով, գնահատանքի խօսքեր կ՛ուղղէ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան, մարզահանդէսի կազմակերպութեան, տիրող կարգապահական ոգիին եւ շքեղ տողանցքին համար:

Այս առթիւ «Շեպապ» թերթը կը գրէ ի մէջ այլոց. «ՀՄԸՄ-ի (Նետի Սուրի Ռիատի) 34-րդ միջմասնաճիւղային հանդիպումները տեղի ունեցան կարգապահական մթնոլորտի մէջ: Անթերի էր 3000 սկաուտներու եւ մարզիկներու տողանցքը ու գրաւիչ` անոնց գեղեցիկ համազգեստները: Ներկաներուն թիւը 30,000-ի կը հասնէր: Սինեմայի, պատկերասփիւռի եւ թերթերու լրագրողներ պատմական նկարներ առին այս շքեղ մարզահանդէսէն:

«Անվարան կրնանք յայտարարել, որ տարուան մեծագոյն մարզական ձեռնարկն էր այս մարզահանդէսը: Պարտք կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնելու ու ողջունելու այս մարզահանդէսը, կազմակերպողները եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնն ու ժրաջան անդամները:

Share this Article
CATEGORIES