ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԶՈՅԳԵՐՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Շատ մը զոյգեր, զիրար սիրելով հանդերձ, մէկը միւսը ամբողջացնելու ստիպողութեան տակ չեն դներ իրենք զիրենք, եւ իւրաքանչիւրը կը պահէ իր անկախութիւնը, մինչ ուրիշներ, իրարմէ անբաժան, զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ համոզուած են, թէ ա՛յդ է իսկական սէրը…

Իսկ դո՞ւք, ո՞ր խումբին կը պատկանիք: Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը:

1

Շաբաթավերջի արձակուրդէն ետք, երկուշաբթի առտու գործի կը վերադառնաք. ինչպէ՞ս կը պատմէք ձեր արձակուրդին մասին…

ա.- Ծովափ գացինք եւ հաճելի ժամանակ անցուցինք:
բ.- Ուզեցի դուրս ելլել, ամուսինս ալ առաջարկեց ծովափ երթալ:
գ.- Որոշեցի ծովափ երթալ` պայծառ օդէն եւ արեւէն օգտուելու համար:

2

Որո՞նք են ձեր բարեկամները:

ա.- Դուք եւ ձեր ամուսինը հասարակաց բարեկամներ ունիք եւ յաճախ միասին դուրս կ՛ելլէք:
բ.- Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր բարեկամները ունենալով հանդերձ, քանի մը հասարակաց բարեկամներ ալ ունիք:
գ.- Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր բարեկամները ունի եւ հազուադէպօրէն բոլորդ միատեղ կը հաւաքուիք:

3

Բարեկամուհի մը կ՛առաջարկէ, որ կիներով տեղ երթաք, առանց ամուսիններուն:

ա.- Ձեր ամուսինը առանձին չէք ձգեր:
բ.- Ինչո՞ւ չէ, նոյնն ալ երբեմն ձեր ամուսինը կ՛ընէ:
գ.- Անմիջապէս կ՛ընդունիք` ոչ իսկ ձեր ամուսինին կարծիքը առնելով:

4

Ձեր ամուսինը գործով պիտի ճամբորդէ:

ա.- Մտահոգ էք, թէ առանց իրեն ինչպէ՛ս պիտի անցընէք այդ քանի մը օրը:
բ.- Չախորժելով հանդերձ, կը մտածէք, որ առիթ մըն է առկախ մնացած ձեր գործերը ամբողջացնելու:
գ.- Շատ ուրախ էք, ազատ-անկախ պիտի վայելէք ձեր առանձնութիւնը:

5

Որոշած էք ժապաւէն մը դիտել, ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք զայն.

ա.- Ոչ մէկ հարց կայ, ինչպէս սովորաբար ամէն բանի շուրջ կը համաձայնիք, այս պարագային ալ նոյնը պիտի պատահի:
բ.- Կը խորհրդակցիք:
գ.- Ընդհանրապէս ձեր ճաշակները կը տարբերին, հետեւաբար ոչ իսկ կը մտածէք միասնաբար ժապաւէն մը դիտելու մասին:

6

Ձեր կարծիքով, զոյգերու միջեւ հաւատարմութիւնը`

ա.- Սիրոյ հիմնական արժէքն է:
բ.- Պարկեշտութեան հարց է:
գ.- Թելադրելի է:

7

Ձեր բարեկամուհին գաղտնիք մը կ՛ըսէ ձեզի…

ա.- Ձեր ամուսինէն գաղտնիք չէք պահեր:
բ.- Ճիգ կը թափէք, որպէսզի ձեր ամուսինին չըսէք:
գ.- Շատ գաղտնապահ անձ էք, եւ պատճառ չկայ, որ ձեր ընկերուհիին գաղտնիքը ձեր ամուսինին պատմէք:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, կասկած չկայ, որ դուք եւ ձեր ամուսինը մէկ անձ կը կազմէք, զիրար կ՛ամբողջացնէք եւ ամէն բանի մէջ ճաշակի եւ տեսակէտներու զարմանալի նոյնութիւն մը գոյութիւն ունի:

Ասիկա պատճառ է, որ վէճեր եւ տարակարծութիւններ չըլլան ձեր միջեւ, բայց արդեօք օր կու գա՞յ, որ կը ձանձրանաք իրարմէ, եւ իւրաքանչիւրը «ազատ օդ» կը փնտռէ:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, իրարու փակած զոյգ մը չէք, բայց սա չի նշանակեր, որ զիրար չէք սիրեր, սէրը համերաշխութիւն է եւ զիջում, բայց` ոչ անպայմանօրէն կարծիքներու եւ ճաշակներու նոյնացում:

Դուք գտած էք միջին ճամբան, իւրաքանչիւրը պահելով հանդերձ իր անկախութիւնը, առանձնայատկութիւնները, գիտէ տեղին զիջիլ, համակերպիլ:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը փնտռէ իր անկախութիւնը, որ թթուածինի չափ անհրաժեշտ է իրեն համար:

Թէեւ ամբողջ ժամանակը միասին չէք, սակայն ասիկա ոչ մէկ ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ ձեր սիրոյ վրայ, պայմանաւ որ օրուան ընթացքին կարգ մը հասարակաց պարտականութիւններու շուրջ նստիք խորհրդակցիք եւ ժամանակ անցընէք միասին:

 

ԱՅԼԱԶԱՆ

ՁԿԱՆ ԻՒՂԸ`
ՍՏԻՆՔԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԵՂ

Ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ձկան իւղին մէջ գտնուող օմեկա 3 ճարպաթթուները կը դարմանեն ստինքի քաղցկեղը:

Արդարեւ, Փենսիլվանիա համալսարանի քաղցկեղի բաժանմունքի բժիշկներու մէկ ուսումնասիրութիւնը եւ մուկերու վրայ կատարած մէկ փորձը ցոյց տուած են, թէ «Թամսքսիֆին» դեղին կողքին, օմեկա 3 ճարպաթթուներու գործածութիւնը յստակօրէն կը նուազեցնէ ստինքի քաղցկեղի ուռերու զարգացումն ու տարածումը:

Վերոյիշեալ բժիշկները մեծ յոյսեր կը կապեն այս նոր տեսութեան:

ԳՆՈՒՄ ԸՆԵԼԸ
ԿԵԱՆՔԸ Կ՛ԵՐԿԱՐԷ

Թայուանցի բժիշկներու կարծիքով, շուկայ երթալ եւ գնում ընելը ոչ միայն առողջ կը պահէ, այլեւ կ՛երկարէ կեանքը:

Արդարեւ, Բրիտանիոյ «Պի. Պի. Սի.» ձայնասփիւռի կայանը յայտնած է, թէ 65 տարիքը թեւակոխած 1850 անձերու վրայ կատարուած փորձ մը ցոյց տուած է, թէ հետեւողական ձեւով շուկայ իջնող եւ գնում ընող անձերը աւելի երկար ապրած են, քան` շաբաթը անգամ մը գնում կատարողները:

Նոյն փորձին հիմամբ, ի յայտ եկած է, թէ յաճախ շուկայ իջնող եւ գնում ընող անձերը աւելի աշխուժ կեանք կ՛ունենան, մտովին աւելի արթուն կ՛ըլլան եւ հոգեպէս նուազ ընկճուած ու մելամաղձոտ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԱԶԴԵԼ
ԿՆՈՋ ԻԳԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Բրիտանական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, դուրսը աշխատող կիները աւելի շուտ կը ծերանան եւ յաճախ կ՛անհանգստանան, եթէ գործի մէջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն իրենց պաշտօնակիցներուն եւ յատկապէս գործատէրերուն հետ:

Այսպէս, գործատիրոջ վերաբերմունքը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ աշխատող կնոջ առողջութեան վրայ: Եթէ անոնց յարաբերութիւնը բնական եւ հաշտ չէ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած չէ, աշխատող կինը աւելի եւս ենթակայ կ՛ըլլայ արեան գերճնշումի եւ սթրեսի: Ան կը դառնայ յարձակողական, անհանդուրժող եւ բնականաբար կը կորսնցնէ իր իգականութիւնը:

Հետեւաբար գործին միջավայրը, ինչպէս նաեւ գործատէր-պաշտօնեայ յարաբերութիւնները չափազանց կարեւոր են աշխատող կնոջ հոգեկան եւ ֆիզիքական հաւասարակշռութեան համար:

 

ՏԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ

ՀԻՆԸ ՆՈՐԻ ՎԵՐԱԾԵԼ…

Բոլորս ալ մեր տուներուն մէջ ունինք հին իրեր, զորս չենք գործածեր, բայց նաեւ մեր ձեռքը վրայ չ՛երթար, որ թափենք…

Վստահաբար այդ իրերուն մէկ կարեւոր մասը կրնայ որպէս գեղօր ծառայել, եթէ քիչ մը զարկ տանք մեր երեւակայութեան եւ կամ թերթատենք յարդարանքի վերաբերող ամսաթերթեր:

Այսօրուան սիւնակով պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս հին վանդակ մը եւ անգործածելի ճամբորդական պայուսակներ կարելի է հաճելի եւ խելացի ձեւով օգտագործել:

Եթէ ունիք հին վանդակ մը, կրնաք զայն որպէս լուսամփոփ կախել առաստաղէն եւ յատուկ դրոշմ տալ ձեր գիւղի տան, ննջասենեակին կամ նստասենեակին եւ, ինչո՛ւ չէ, պատշգամին:

Կը բաւէ, որ հին վանդակը լուաք, ցամքեցնէք, ի հարկին սփրէյով մը ներկէք եւ ապա հաստատէք:

 

Եթէ ունիք ճամբորդական պայուսակներ, որոնք անգործածելի են, բաժնեցէք երկուքի, ներսէն եւ դուրսէն մաքրեցէք, կաշիի պարագային` փոլիշ մը ընելով: Յետոյ իւրաքանչիւր կէս հաստատեցէք պատին վրայ եւ զայն օգտագործեցէք որպէս գրադարան կամ գեղօրներ ցուցադրելու «ցուցափեղկ»:

Եթէ տարբեր չափի պայուսակներ ունիք, ա՛լ աւելի լաւ…

 

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԱՒՈՔԱՏՈՅՈՎ ԲՐԻՆՁ

Բաղադրութիւն

1 թէյի գաւաթ բրինձ` նախապէս թրջուած
1 թէյի գաւաթ ջուր
4 միջակ լոլիկ` խորանարդաձեւ մանրուած
1 մեծ սոխ` մանրուած
1 պճեղ սխտոր` ճզմուած
1 մեծ աւոքատօ խորանարդաձեւ մանրուած
1 կանաչ պղպեղ` խորանարդաձեւ կտրուած
1 կարմիր պղպեղ` խորանարդաձեւ կտրուած
2 մեծ դգալ լեմոնի հիւթ
2 ապուրի դգալ ձէթ
Աղ
Քիչ մը ձէթ` բանջարեղէնները տապկելու

Պատրաստութիւն

Խորունկ տապակի մը մէջ դնել ձէթն ու սոխը եւ տապկել, մինչեւ որ սոխը կակուղնայ: Աւելցնել սխտորը, պղպեղը, լոլիկները եւ եփել 2 վայրկեան:

Աւելցնել բրինձը եւ 1 թէյի գաւաթ ջուրը, աղը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 15 վայրկեան կամ մինչեւ որ բրինձը եփի:

Կրակը մարելէ ետք աւելցնել լեմոնի հիւթն ու ձէթը եւ խառնել:

Խորունկ ամանի մը մէջ դնել բրինձի խառնուրդը, վրան աւելցնել մանրուած աւոքատոն:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԳԱՐՆԱՆ ԱՆՁՐԵՒԻՆ

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Տեղա՛, անձրեւ, օրհնութեան պէս աւետաձայն,
Արտ ու արօտ կանանչ յոյսով լեցուր անվերջ.-
Քու կենսախայտ համբոյրիդ տակ կը սարսըռան
Ոսկի սերմեր հողին յղի կողերուն մէջ:

Յիշէ՜, անձրե՛ւ, ամբողջ երկիր մ’ալ աւերակ,
Ուր մա՛հ է արդ, մոխիր ու մուխ ու լռութիւն…
Արիւնաբոյր շէներուն մէջ պահ մը հիմակ
Օրօրէ սուգն իր սարերու ոգիներուն…

Իջի՛ր, անձրե՛ւ, վարդաջուրի պէս հոտեւան.
Թող ծաղիկներ բաժակն իրենց քեզ երկարեն,
Ամպերէն վար հոսի ժպիտ ու ծիածան
Եւ թող պայթին գինով ճիչեր թաւուտներէն:

Գիտե՜ս, անձրե՛ւ, Ապրիլի հարս ծառերուն պէս
Ի՜նչ հասակներ տապալեցին գիշեր մ’անհուն…
Ա՛հ, պուտ մը ջուր հասցուր անոնց, այդ լեռնադէզ
Անապատի տապէն պապա՜կ ոսկորներուն…

Հոսէ՛, անձրեւ, սիրերգի պէս հարսանեկան
Սրտերն ահա կ’ընդխառնուին լարերուդ հետ
Եւ բերկրութեամբ եւ հեշտանքով կը լիանան
Ճերմակ տուներ` տարափիդ տակ խաղաղաւէտ:

Հիմա, անձրե՛ւ, ծեր պանդուխտներ կան ամէն տեղ,
Որ յուշերու ցուրտ կրակին դէմ կը մսի՜ն…
Անոնց խարխուլ հիւղակներուն վրայ թիթեղ`
Թափէ երազն իրենց հօտի ոտնաձայնին…

Եկո՜ւր, անձրե՛ւ, աղօթքի պէս թաղմանական.
Ես կ’ուզեմ լալ մանուկի տաք աչուըներով
Այնքա՜ն ուրախ տօնին համար սա յո՛րդ գարնան
Եւ կեանքերուն` որ ինկան մերկ եւ անգորով…

Մ. ԻՇԽԱՆ

1934

Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES