ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ

ԹԵՀՐԱՆ

ԻՐԱՆԱՀԱՅ 23-ՐԴ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ
ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ

Գարնանային 23-րդ խաղերու հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ 20 մարտին`  խաղերը կազմակերպող Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան կեդրոնատեղիին մէջ: Սոյն ձեռնարկը նուիրուած էր «Ալիք» օրաթերթի հիմնադրման 80-ամեակին:

Բացման հանդիսութեան զուգահեռ, Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի ձեռամբ կատարուեցաւ նոյն միութեան նորակառոյց մարզասրահի պաշտօնական բացումը եւ օրհնութեան արարողութիւնը: Տեղի ունեցան ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի եւ թեթեւ աթլեթի խաղեր, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Իրանի Թեհրան, Թաւրիզ, Շահինշահր, Շիրազ եւ Սպահան քաղաքներու  մարզիկները:

Խաղերու փակումը տեղի ունեցաւ 25 մարտին:
ԿԼԵՆՏԷՅԼ

ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԿԻԹԱՌԱՀԱՐ
ԵԱՔՈՎՈՍ ՔՈԼԱՆԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ

Հովանաւորութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչութեան եւ «Էֆ. Էյ. Էս.» ընկերութեան տնօրէն Արթուր Թովմասեանի, կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին, 5 մարտին Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ յունահայ անուանի կիթառահար Եաքովոս Քոլանեան: Վարչութեան անդամ Ալին Պզտիկեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան սոյն երեկոյի իրականացման:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան  Համազգայինի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղի «Տարօն» գուսանական երգչախումբի անդամներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ` խումբի ղեկավար-խմբավար Գէորգ Չաքմանեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Ծիածան» պարախումբը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Անիթա Հաւաթեան, որ յիշեց Համազգայինի իւրայատուկ դերակատարութիւնը` հայ մշակոյթն ու արուեստը պահպանելու գործին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան կազմակերպիչ մարմինին եւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Եաքովոս Քոլանեանի կենսագրականը, ապա բեմ հրաւիրեց զինք:  Քոլանեան հանդէս եկաւ ճոխ յայտագիրով եւ բացառիկ կատարումներով: Առաջին բաժինով ան կատարեց համաշխարհային հանրածանօթ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն կտորներ:  Երկրորդ բաժինով ան մեկնաբանեց հայկական մշակութային գոհարներէն, ինչպէս` Կոմիտասի «Ալակէօզ»ը, ժողովրդական երգերէ «Տղոց պար», «Նազելի պար», «Ովսաննա», «Զանգեզուր» եւ այլն, որոնց նոթագրութիւնը  կիթառի համար ինք կատարած էր:

Հարկ է նշել, որ ան բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Յունաստանի մէջ  թէ անկէ դուրս, եւ դասուած` աշխարհի լաւագոյն կիթառ նուագողներու շարքին: Համերգի աւարտին, «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Քոլանեանի, որ իր կարգին խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան կազմակերպիչ մարմինին` իրեն ընձեռուած առիթին համար: Ան նաեւ իր երջանկութիւնը յայտնեց անոր համար, որ սրահին մէջ կը գտնուէր նաեւ հայրենի բազմավաստակ երաժշտագէտ Տիգրան Մանսուրեան, որ իր կարգին բեմ բարձրանալով` շնորհաւորեց կիթառահար վարպետին բացառիկ կատարումները:
ԳԱՀԻՐԷ

ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ
1560-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ  Աշոտ եպս. Մնացականեանի, 17 մարտին Հելիոպոլսոյ «Պըլըքտանեան» հանդիսասրահին մէջ եգիպտահայ գաղութը համերգով ոգեկոչեց Վարդանանց հերոսամարտի 1560-ամեակը:

«Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան «Ծաղկաստան» եւ ՀԲԸՄ-ի «Ծիածան» մանկական երգչախումբերը միացեալ կատարմամբ ելոյթ ունեցան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Արփի Ճանիկեանի եւ Նանօր Աբիկեանի:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանի «Արաքս» երգչախումբը` առաջին անգամ ըլլալով ամբողջական համերգով մը, դաշնակի նուագակցութեամբ Հայկ Աւագեանի:

Այս առիթով պատրաստուած էր նաեւ յատուկ գրքոյկ, ուր տպուած էին յայտագիրին երգերը:

ՃԱՓՈՆԱԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
«ԱՅԾԵՄՆԻԿ» ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՏՈՒՆ

25 մարտին ճափոնական երգչախումբին անդամները այցելեցին «Այծեմնիկ» հանգստեան տուն՝ շնորհաւորելու համար պատսպարեալներուն Մայրերու օրը: Անոնք ելոյթ ունեցան ճափոներէն ու հայերէն մեներգներով եւ խմբերգներով: Երգչախումբին դաշնակով կ՛ընկերակցէր Արփի Ճանիկեան: Հայերէն երգերու ձայնանիշները երգչախումբին տրամադրած էր Հայկ Աւագեան:

Ճափոնական երգչախումբին այս այցելութիւնը «Այծեմնիկ» հանգստեան տուն երրորդ անգամն էր, սակայն Մայրերու տօնին առիթով՝ առաջինը:
ՔԱԹԱՐ

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆԻ ՈՂՋԵՐԹԻ
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ

Քաթարի նորակազմ համայնքը մնայուն հոգեւոր հովիւ չունենալու պատճառով այս տարի իր Ս. Ծննդեան պատարագը ունեցաւ ուրբաթ, 14 յունուարին: Համայնքին վարչութիւնը յարմար նկատեց, որ նոյն ատեն տեղի ունենայ գաղութի, ինչպէս նաեւ Արաբական ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեանի ողջերթի ընդունելութիւնը, նկատի ունենալով,  որ սրբազան հայրը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զանազան թեմերու մէջ տասնամեակներ առաջնորդական աստուածանուէր եւ ազգային վեհ պարտականութիւններ կատարելէ ետք, իր փափաքով պիտի վերադառնար Անթիլիասի մայրավանք:

Սրբազան հօր Քաթար ժամանումէն ետք, հինգշաբթի, 13 յունուարին, վարչութեան ատենապետ Արսէն Հալաճեանի տան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը: Արսէն Հալաճեան յուզումով կատարեց բացման խօսքը, որով ան հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ ներկաներու զգացումներուն եւ մտածումներուն: Ան յիշեց սրբազան հօր կատարած գաղութակերտման երախտապարտ աշխատանքը, ընդգծեց անոր ձեռներէցութիւնն ու զօրաւոր անհատականութիւնը, մաղթելով յաջող եւ բեղուն գործունէութիւն իր յառաջիկայի առաքելութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին ան սրբազան հօր յանձնեց համայնքի շնորհակալութեան եւ մեծարանքի խորհրդանշանը:

Վարչութեան փոխատենապետ Վահէ Թիւթիւնճեան, իր հերթին գնահատական խօսքերով ելոյթ ունենալէ ետք, սրբազան հօր յանձնեց վարչութեան նուէրը:

Իր փակման խօսքին մէջ սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս սքանչելի երեկոն կազմակերպած վարչութեան: Ան անդրադարձաւ երկրէ երկիր իր ունեցած տասնամեակներու առաջնորդական գործունէութեան` յիշելով որոշ դրուագներ: Յորդորեց բոլորը` պահել միասնականութեան ոգին, պայքարիլ օտար երկինքներու տակ մեզի պարտադրուած դժուարութեանց դէմ, հպարտ ըլլալ մեր հայութեամբ եւ բարձր պահել հայուն անունը:

Ուրբաթ, 14 յունուարին, տեղի ունեցան Ս. Ծննդեան պատարագն ու ջրօրհնէքի արարողութիւնը, ղպտի համայնքին պատկանող ընդարձակ եկեղեցւոյ մէջ, Քաթարի քրիստոնեայ համայնքներուն յատկացուած եկեղեցիներու համալիրին մէջ:

Պատարագեց եւ քարոզեց սրբազան հայրը:  Ան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով խորհրդածութիւններ  կատարեց, հայ համայնքին ուղղուած սիրոյ եւ խաղաղութեան, փոխանցեց պատգամներ` հայօրէն գոյատեւելու եւ բարի մաղթանքներ` նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՄԵՀՐԱՆԵԱՆ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄ

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճոն Փերեզ Քալիֆորնիոյ միջազգային ցեղասպանութեան յանձնախումբի անդամ նշանակած է Մարիա Մեհրանեանը, որ Լոս Անճելըս հաստատուած քաղաքացիական ճարտարապետութեան «Քորտոպա» հիմնարկի վարիչ-գործընկերներէն մէկն է: Նշեալ յանձնախումբը կազմուած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի թիւ 1210 բանաձեւով` նպատակ ունենալով մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ կառուցել աշխարհի տարածքին տեղի ունեցած ցեղասպանութեանց եւ ցեղային մաքրագործումներու զոհերուն յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը:

ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

4  մարտին Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի հայկական շարժապատկերի 12-րդ տարեկան փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 180 անձեր, որոնք վայելեցին Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Մեծն Բրիտանիայէն ու Հայաստանէն հայ բեմադրիչներ:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին ու հայկական ուսանողական միութեան միացեալ ջանքերով, իսկ հովանաւորն էր Գույումճեան ընտանիքի հիմնադրամը:

Փառատօնին ընթացքին ցուցադրուեցան Շամմասեան եղբայրներուն բեմադրած «Աղթամար»ը (2009, Բրիտանիա եւ Հայաստան), Շարին Էնտըրսընի «Չարենց: Ին սըրչ աֆ մայ արմինիըն փոեթ»ը (2009, Հարաւային Ափրիկէ), Սերժ Աւետիքեանի «Չինտ հիսթուար»ը (2010, Ֆրանսա), Վաչէ Պուլղուրճեանի «Ֆիֆթ  քալըմ»ը (2010, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ), Քոմ Շահպազեանի «Այսի պես»ը (2010, Պելճիքա եւ Ֆրանսա), Յակոբ Խոտավերտեանի «Մաունթ Արարատ էքսփետիշըն»ը (2010, Միացեալ Նահանգներ), Արա Սիւտճեանի «Է նայս օլտ ֆեշընտ ռոմանս»ը (2010, Միացեալ Նահանգներ) եւ Գոռ Պաղտասարեանի «Աուըր Քաշաթաղ»ը (2007, Հայաստան) եւ «Տը թըրտ ռայտըր»ը (2008, Հայաստան):

ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

25 մարտին Ազգային առաջնորդարան այցելեցին  Ռաքսեն Մաքասճեան եւ Րաֆֆի Մոմճեան եւ հանդիպում ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ: Հանդիպումին նպատակն էր սրբազան հօր տեղեկացնել  Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի մը մասին:

Անոնք բացատրեցին, թէ իբրեւ ոչ հասութաբեր հիմնարկութիւն` պատրաստած են յատուկ դասագիրք մը, որ պիտի ծառայէ ցեղասպանական արարքներու մասին դասաւանդումին: Դասագիրքը կ՛առաջարկուի պետական վարժարաններու, որովհետեւ Քալիֆորնիա եւ աւելի քան տասնեակ մը նահանգներ յատուկ օրէնք որդեգրած են Ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին: Անոնք բացատրութիւններ տուին դասագիրքին ընկերացող դասաւանդման նիւթերուն մասին, ներառեալ` արդի արհեստագիտութեան ու հաղորդակցութեան միջոցներ (համացանցային կայքէջեր եւ այլն):

Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքն ու մարդկային հիմնական իրաւունքներու պահպանման նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը: Ան արդար նկատեց, որ նման ծրագիր` իբրեւ Հայ դատի ծանօթացման յաւելեալ աշխատանք, մատուցուի նաեւ հայ աշակերտներու: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու այս աշխատանքին:

Հանդիպման աւարտին առաջնորդ սրբազանը  յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն:

ՀՕՄ-Ի ՉՈՐՍ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, 25 մարտին Հայ օգնութեան միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ  իւրայատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին շրջանին մէջ ծանօթ չորս ՀՕՄ-ականներուն յանձնուեցաւ իրենց մեծարման համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի  շնորհած «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:

Արդարեւ, հոկտեմբեր 2010-ին, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան դիմումին ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի միջնորդական գրութեան ընդառաջելով` Արամ Ա. կաթողիկոս  «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրած էր շրջանին մէջ ծանօթ չորս հայուհիներ, որոնք նաեւ արժանաւոր ՀՕՄ-ականներ են`  Քնար Մանճիկեան, Անահիտ Մէյմարեան, Ռիթա Որբերեան եւ Հայկուշ Քոհլըր:

Յանուն վեհափառ հայրապետին, շքանշանի յանձնումը անձնապէս կատարելու համար ձեռնարկին ներկայ էր առաջնորդ սրբազանը, որուն կ՛ընկերակցէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան:

ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան, ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց պարգեւատրեալ չորս ընկերուհիները: Ան հաստատեց, որ անոնք կը պատկանին այն անձնուրաց սերունդին, որոնք ամբողջ կեանք մը տուին իրենց փայփայած կազմակերպութեան եւ անոր ընդմէջէն համայն հայութեան` անսահման ժամեր նուիրելով իրենց անսպառ գրիչով, նիւթական եւ մանաւանդ բարոյական զոհողութեամբ:

«Ասպարէզ»-«Հորիզոն» լրատուական ցանցին անունով ելոյթ ունեցաւ խմբագիր Աբօ Պողիկեան, որ ներկայ թէ բացակայ բոլոր ՀՕՄ-ականներուն արժանաւորութիւնը շեշտելէ ետք, անդրադարձաւ չորս ընկերուհիներու ծանրակշիռ աւանդին` ընդհանրապէս հայ կեանքին մէջ:

Այնուհետեւ, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շքանշաններու յանձնումը կատարեց պարգեւատրեալ չորս ընկերուհիներուն եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքները:

Յայտագիրի վերջին բաժինով պարգեւատրեալները հերթով երախտագիտական խօսք ըսին իրենց ընծայուած պատիւին համար:

ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԸ
ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵՑ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ

Հայ-ամերիկեան առեւտրական պալատը 26 մարտին «Կլենտէյլ-Հիլթըն» պանդոկի  սրահին մէջ մրցանակներ շնորհեց գործարար աշխարհի ամերիկահայ ներկայացուցիչներուն:

Կազմակերպութեան 12-րդ տարեկան ձեռնարկին «Տարուան լաւագոյն ձեռնարկատէր» անուանակարգին մէջ մրցանակները յանձնուեցան «Սիլվիաս Քոսթիւմս» սրահի տնօրէն Սիլվա Չաքմաքճեանի,  «Գարուն» կաթնամթերքի արտադրութեան հիմնադիր ու ղեկավար Անդօ Պաղտասարեանի եւ «Միւզ լայֆսթայլ կրուփ»ի տնօրէն Միքայէլ Իսրայէլեանի:

Մրցանակակիրները շնորհակալութիւն յայտնեցին պարգեւին համար` նշելով, որ մրցանակը  խթան կը հանդիսանայ աւելի  ներգրաւուելու համայնքային գործընթացներուն մէջ:

Երեկոյի ընթացքին հանդէս եկան սիրուած  երգիչներ եւ տեղի ունեցաւ հայ նկարիչներու աշխատանքներու աճուրդ-վաճառք:

Պատկերասփիւռի  միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորեց մրցանակակիրները:

Հայ-ամերիկեան առեւտրական պալատի մրցանակաբաշխութիւնը կը նպատակադրէ  քաջալերել եւ գնահատել ամերիկահայ գործարարներու աշխատանքը:
ՔԱՆԱՏԱ

320 ՀԱԶԱՐ ՔԱՆԱՏԱԿԱՆ ՏՈԼԱՐԻ ՆՊԱՍՏ`
ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀՕՄ-Ի «ՊԱՊԱՅԵԱՆ»
ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ, «ԳՈԼՈԼԵԱՆ» ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻՆ
ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու համար, չորրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուած թելեթոնը «Հերթը ձե՛րն Է» կարգախօսով  յաջողութեամբ պսակուեցաւ` հանգանակելով 320 հազար քանատական տոլար:

Երեք յաջորդական շաբաթներու ընթացքին` 19 փետրուարէն 5 մարտ, «Նոր հայ հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին միջոցով սփռուած այս թելեթոնը վարեցին վարժարանի շրջանաւարտներէն` Հուրիկ Եղիազարեան եւ Շանթ Փայլեան: Թորոնթոյի, հարաւային Օնթարիոյի եւ Մոնրէալի գաղութները իրազեկ դարձան վարժարանի նիւթական կացութեան: Երեք շաբաթներու ընթացքին, դրամահաւաքին համար պատրաստուած տեսաերիզներուն միջոցով գաղութը ծանօթացաւ մանկապարտէզի առօրեային, վարժարանի ներքին կեանքին, հայաստանագնացութեան, Վենետիկի հայերէնի խտացեալ դասընթացքներուն, որուն դաստիարակիչ պտոյտներուն, արտադասարանային, ազգային եւ տօնական հանդէսներուն, վարժարանի յարկին տակ գործող «ակումբներուն», մարզախաղերուն, գիտական փորձարկումներուն, ապահովութեան միջոցներու համար կազմակերպուած դասախօսութիւններուն, Ծնողական օժանդակ յանձնախումբի նախաձեռնութիւններուն, վարժարանէն շրջանաւարտ` համալսարանաւարտներու հետ աշակերտներու ունեցած հանդիպումներուն եւ այլ զանազան ելոյթներուն, որոնք լաւագոյնս կը ներկայացնէին ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի առօրեան:

Վարժարանի առաքելութեան անդրադարձան վարժարանի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան, Կրթական մարմնին անունով տոքթ. Նատիա Ինճէեան եւ թելեթոնի յանձնախումբի ատենապետ Ռուբինա Ֆարրա, իսկ վարժարանի նիւթական հաշուեկշիռը ներկայացուց Կրթական մարմնի անդամ Անի Հոթոյեան-Ժոլին: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեան շեշտեց հայ դպրոցի գոյութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց գաղութի զաւակներուն իրենց անվերապահ աջակցութեամբ թեւ ու թիկունք կանգնելու հայ դպրոցին: Կրթական մարմինի ատենապետ Նայիրի Շահինեան, թելեթոնի աւարտին, իբրեւ եզրափակիչ խօսք, ուրախութեամբ յայտարարեց նպատակակէտին իրականացումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան պատկերասփիւռային այս արշաւի յաջողութեան:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES