Հաւանական Է, Որ Ջաւախքի Ընդդիմադիրներու Հետապնդումները Քաղաքական Միտում Ունենան. Շիրակ Թորոսեան

Շիրակ Թորոսեան

Ձերբակալութեան վտանգը դամոկլեան սուրի նման կախուած է ջաւախքցի որոշ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու գլխուն, այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ, Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Շիրակ Թորոսեան:

Գէորգի Մխչեան

Վերջինս տեղեկացուց, որ աշնան կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ջաւախքի ընդդիմադիրներուն յարող Գէորգի Մխչեանը կալանաւորուած է 2000–ական թուականներու սկզբին յատկացուած շէնքի գործարքի հետ առնչուած անօրինականութիւններու գործով, իսկ Վրաստանի խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Մելիք Ռայիսեանի` Ջաւախքի ընդդիմադիր խմբակի պետին նկատմամբ նոյն մեղադրանքով այսօր յարուցուած է քրէական գործ եւ յայտարարուած է հետաքննութիւն:

Մելիք Ռայիսեան

Նշելով, որ ինք չի ցանկանար դատաւորի կեցուածք ընդունիլ եւ ըսել` կա՞ն, թէ ոչ իրաւական հիմքեր նշուած քրէական գործին մէջ, «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահը յայտարարեց. «Այդ շէնքը տրամադրուել էր ընդդիմութեանը, եւ այս երկու անձինք մեղադրւում են, թէ օրէնքի խախտումներով է այս ամէնը տեղի ունեցել: Գուցէ դրա հիմքում իրական փաստեր կան: Սակայն երբ 2000–ականներուն տեղի ունեցած գործարքների մասին տեղեկացւում է այսօր, երբ այսօր այդ մարդիկ ընդդիմադիր կեցուածք են ընդունել, կարելի է եզրակացնել, որ դատական հետապնդումները, փաստօրէն, կարող են քաղաքական տողատակ ունենալ»:

Չախալեան

Շիրակ Թորոսեան յիշեցուց, որ վերջերս վրաց իշխանութիւններու կողմէ ընդդիմութեան նկատմամբ քաղաքական հետապնդումներ իրականացնելու մասին «խիզախաբար յայտարարեց» տասը տարուան ազատազրկման դատապարտուած Վահագն Չախալեանը:

«Սա մի քայլ է, որն ուղղուած է ջաւախահայութեան քաղաքական իրաւունքների հետագայ սահմանափակմանը, Ջաւախքում լարուածութեան խորացմանը: Քաղաքական ընդդիմախօսներին լռեցնելու այս գործելաոճը յատուկ է միայն իշխանութիւնը ամէն գնով պահպանել ձգտող բռնապետական վարչաձեւերուն»,– N1 քրէակատարողական հիմնարկէն յայտարարած էր Վահագն Չախալեան` պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ընդդիմադիր քաղաքական հայեացքներ ունեցող ջաւախահայ գործիչներու նկատմամբ բոլոր ճնշումներն ու հետապնդումները:

Թորոսեան յիշեցուց, որ Վրաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ քաղաքական հետապնդումներու իրականացման մասին ժամանակին դեռ յայտարարած է Վրաստանի նախկին վարչապետ Գէորգի Ժուանիան եւ խորհուրդ տուաւ սպասել Ջաւախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգող խորհուրդի յայտարարութեան:

Անդրադառնալով Վրաստանի նոր վարչապետին գործունէութեան հնարաւոր ազդեցութեան Ջաւախքի նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութեան նկատմամբ, Շիրակ Թորոսեանը նկատեց, որ Վանօ Մերապիշվիլին ուժեղ անձնաւորութիւն է եւ մինչ այժմ յայտնի է յաջողած բարեփոխումներով, սակայն անոնք չեն վերաբերած Ջաւախքի խնդիրներուն:

Շիրակ Թորոսեան յոյսով է, որ Վրաստանի նոր վարչապետը քաղաքական կամք կը դրսեւորէ եւ անոնց արժանի ուշադրութիւն կը դարձնէ:

Ըստ բանախօսին, Ջաւախքի մէջ խիստ այժմէական է հայոց լեզուի դասաժամերու էական պակսեցման եւ հայերէնի հաշուոյն վրացերէնի դասաժամերը աւելցնելու խնդիրը:

Շիրակ Թորոսեան վրաց իշխանութիւններու, այլ ոչ ջաւախահայութեան մեղքը կը տեսնէ անոր մէջ, որ Ջաւախքի երեխաները չեն տիրապետեր վրացերէնին: Իսկ որ անիկա կը կատարուի հայերէնի հաշուոյն, Թորոսեանի համար անընդունելի է:

Ան նշեց, որ լեզուական ճնշումները նոյնիսկ զաւեշտալի դրսեւորումներ կ՛ունենան: Օրինակ` նախորդ տարի հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի «Տէրեանական օրեր»-ը իրականացուած են ռուսերէն: Այն պարագային, երբ խորհրդային տարիներուն Վահան Տէրեանի օրերը իրականացուած են պետական մակարդակով. Վրաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի որոշմամբ անոնք մտցուած են տօնացոյցի մէջ:

Շիրակ Թորոսեանը Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին նամակ յղած է, ուր կոչ ըրած է «Տէրեանական օրեր»-ը ներառել Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային պետական ծրագիրներուն մէջ եւ այս հարցով բանակցութիւններ վարել իր վրացի պաշտօնակիցին հետ:

Յառաջիկային Ջաւախքի մշակութային կարեւորագոյն իրադարձութիւններն են տէրեանական բանաստեղծութեան եւ Ջիւանի երգի տօնի օրերը:

Share this Article
CATEGORIES