Չիչեք Բացայայտօրէն Խոստովանած Է, Որ Հայերուն Փոխհատուցելու Բան Ունինք. Թաներ Աքչամ

Թաներ Աքչամ

Թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ անդրադարձած է Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Քեմալ Չիչեքի յայտարարութեան` «հայկական ոսկիներուն տեղը բացայայտելու» մասին:

Չիչեք վերջերս հրապարակած իր յօդուածին մէջ գրած էր, որ հայերը իրենց պատկանած 5 միլիոն թրքական ոսկին պէտք է պահանջեն ոչ թէ Թուրքիայէն, այլ` անգլիական եւ գերմանական դրամատուներէն, քանի որ անոնք բռնագրաւած են այդ ոսկիները:

Աքչամ իբրեւ պատասխան` յայտարարած է, որ Չիչեքի «աղմկայարոյց բացայայտում»-ը ընդհանրապէս բացայայտում չէ: Ան տարօրինակ եւ անհիմն կը համարէ շատոնց յայտնի տեղեկութիւնը իբրեւ աղմկոտ նորութիւն մէջտեղ բերելը:

«Արդեօք այդ ժամանակ հայերէն բռնագրաւուած ոսկիները եւ գոյքը հայերուն վերադարձուա՞ծ է, թէ՞ ոչ», հարցուցած է ան:

Ան Չիչեքին յօդուածը անլուրջ կը համարէ, քանի որ շատոնց եւ բազմիցս գրուած է այն մասին, որ այդ գումարները Պոլիսէն Պերլին փոխանցուած են:

Քեմալ Չիչեք

«Չիչեքի այս խօսքերը, սակայն, կը վկայեն այն մասին, որ 1 միլիոն հայերու գոյքը բռնագրաւուած է եւ ատոր դիմաց պէտք է փոխհատուցում տալ: Հետեւաբար այդ կերպ ան հաստատած է, որ փոխհատուցման խնդիր կայ: Քեմալ Չիչեքին կրնանք ըսել` ընդունինք, որ այդ ոսկիները հայերուն կը պատկանին եւ զանոնք պէտք է վերադարձնել: Այդ պարագային, ինչո՞ւ միայն անգլիացիներուն բռնագրաւած գումարը պէտք է վերադարձնենք: Արդեօք անհրաժեշտ չէ՞ ամբողջը փոխհատուցել: Ատիկա բացայայտ խոստովանութիւն էր, որ հայերուն փոխհատուցելու բան ունինք: Ատիկա նաեւ ապացոյց էր, որ մինչեւ հիմա հայերուն ոչինչ տուած ենք:

Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը պաշտպանելու համար Չիչեք եւ Թուրքիոյ Պատմագիտական կաճառը սուտերով լուացած են մեր ուղեղը», ըսած է Աքչամ:

Քեմալ Չիչեք իր յօդուածին մէջ գրած էր, որ հայերուն սեփականութեան վաճառքէն գոյացած գումարը` շուրջ 5 միլիոն օսմանեան ոսկի, որ ներկայի հաշուարկով կը կազմէ 1 միլիառ 300 միլիոն փաունտ, երիտթուրքերու պարագլուխները փոխանցած են անգլիական եւ գերմանական դրամատուներուն:

«Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը եւ անոր դաշնակից Գերմանիան պարտուած դուրս եկան, հայերուն ոսկիները փոխանցուած են պատերազմին յաղթած Անգլիոյ եւ Ֆրանսային` իբրեւ ռազմական տուգանք», գրած էր ան:

Չիչեք նաեւ կոչ ըրած էր յատկապէս փոխհատուցում պահանջող հայկական սփիւռքին, որ այդ գումարը պահանջեն նոյնինքն Անգլիայէն:

ԹԵՐԹ

Share this Article
CATEGORIES