Էլիաս Աուն Ընդունեց Թուրքիոյ Դեսպանը

Աուն եւ դեսպան Էօզեըլտըզ

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու: Ան նշեց, որ այդ թղթածրարը դիւրաւ լուծուելիք հարց մը չէ` աւելցնելով, որ վաղը ինք պիտի ընդունի առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանեկան պարագաները:

Թուրք դեսպանը դրուատեց նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները, որոնք տարբեր մակարդակներու, յատկապէս զբօսաշրջութեան մակարդակին վրայ կ՛ամրապնդուին:

Իր կարգին, Աուն յայտնեց, որ Լիբանան երբեք պիտի չհրաժարի մամլոյ ազատութենէն, ինչ ալ ըլլան մարտահրաւէրները:

 

Share this Article
CATEGORIES