«Կառավարութիւնը Պատասխանատու Է Ապագային Գործուելիք Որեւէ Ոճիրի» Շեշտեց Երեսփոխան Հարպ
Երեսփոխան Պութրոս Հարպ երէկ Հազմիէի իր բնակարանին մէջ հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններուն առնչութեամբ Լիբանանի կառավարութիւնը տագնապի մատնուի:
Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը նախանցեալ օրուան իր որոշումով պատասխանատու պիտի ըլլայ երկրին մէջ ապագային գործուող որեւէ ոճիրի:
Հարպ նշեց, որ այս իմաստով լիբանանցիները չեն կրնար հանդիսատեսի կացութեան մէջ ըլլալ:
Հարպ ընդգծեց, որ ըստ իրեն, այդ հարցը անձնական չէ, ընդհակառակն` ինք կը մտածէ Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր քաղաքացիի մասին, հաստատելով, որ ինք կառչած պիտի մնայ իր ընտրած քաղաքական ուղեգիծին:
CATEGORIES Լիբանանեան

