Լիբանանեան Բանակը Կը Դիրքաւորուի Ուատի Խալետի Մէջ

Հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանամերձ Ուատի Խալետ շրջանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ բանակը դիրքաւորուած է Ուատի Խալետի մէջ` զինեալներու եւ սուրիական բանակին միջեւ արձանագրուած բախումներէ ետք:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ այդ բախումներուն պատճառով ռումբեր ինկած են Ուատի Խալետի մէջ եւ վիրաւորած շարք մը քաղաքացիներ:

Բանակը շեշտեց, որ ինք շրջուն ջոկատներով կը հսկէ սահմանամերձ շրջանին եւ պիտի շարունակէ ամրապնդել իր դիրքերը:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանին կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով ինք ապահովական ծրագիրը անպայման գործադրութեան պիտի դնէ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ պատկերասփիւռի պետական կայանին համաձայն, սուրիական սահմանապահ ուժեր ձախողեցուցած են լիբանանեան հողերէն Զապատանիի ճամբով կատարուած սահմանային խախտում մը, որ պատճառած է զոհեր եւ վիրաւորներ: Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն պահանջեց յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES