Փարք Ժի-Սունկ Միացաւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի

Փարք Ժի-Սունկ (աջին) եւ Մարք Հիուճ

Հարաւային քորէացի միջնապահ Փարք Ժի-Սունկ իր ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը լքելով միացաւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի, յայտնեց արեւմտեան-լոնտոնեան կազմը` իր պաշտօնական կայքէջին վրայ:

Անիկա չյայտարարեց, թէ 31 տարեկան մարզիկին փոխանցումը որքան արժեց, սակայն ըստ անգլիական մամուլին, անիկա վճարեց շուրջ 8 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի մարզիչ Մարք Հիուճ, որ նախապէս մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտի, ըսաւ, որ Փարք Ժի-Սունկի հետ խումբը նոր տարեշրջանին պիտի արձանագրէ սքանչելի արդիւնքներ:

Նշենք, որ ան Եունայթըտի հետ կատարեց աւելի քան 200 մրցում` Փ. Ս. Վ. Այնտհովընէն խումբին միանալէն ետք (2005), իսկ 100 միջազգային մրցում` Հարաւային Քորէայի ազգային խումբին հետ (2000-2011):

Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի մալեզիացի սեփականատէր Թոնի Ֆեռնանտեզ ըսաւ, որ ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենան այլ փոփոխութիւններ ալ եւ խումբին պիտի միանան երեք-չորս մարզիկներ:

 

Share this Article
CATEGORIES