Տեշան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչի Պաշտօնը

Տիտիէ Տեշան (ձախին)

1998-ի Մոնտիալին իբրեւ խմբապետ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Տիտիէ Տեշան, որ երկուշաբթի, 9 յուլիսին պաշտօնապէս ստանձնեց ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, յայտարարեց, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ` պատրաստելու համար զօրաւոր կազմ մը, որ ամէն գնով պայքարի յաղթանակ արձանագրելու համար, ինչ ալ ըլլան պայմանները:

43 տարեկան Տեշան, որ փոխարինեց Լորան Պլանը, ըսաւ, որ բոլոր մարզիկներն ալ անխտիր պէտք է զերծ եւ հեռու մնան անկարեւոր հարցերէ, որոնք կրնան վնասել միայն երկրին ազգային խումբին շահերուն:

Ան եզրափակեց ըսելով, որ բոլոր մարզիկներն ալ ունին  ազգային պարտաւորութիւն մը, որուն գիտակցելով պէտք է աշխատին ի շահ երկրին ֆութպոլի շահերուն:

Նշենք, որ յառաջիկայ 27 յուլիսին Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պատիժներ տնօրինող յանձնախումբը պիտի վճռէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան ստանալիք պատիժները այն չորս մարզիկներուն (որոնց կարգին` Սամիր Նասրի), որոնք Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գտնուած էին անկարգապահ:

Անոնց պատիժները իմանալէ ետք, Տեշան պիտի սկսի ձեւաւորել իր կազմը:

Share this Article
CATEGORIES