Քոնկ-Ֆու – Ուու Շու. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Թեհրան

Նախանցեալ օր Թեհրան (Իրան) մեկնեցաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու- ուու-շուի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 10-16 յուլիսին տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆետերասիոնի գանձապահ Ժորժ Նասիր, խումբին մարզիկներն են Էլիաս Ռէյս, Ժորժ Իտ, Ճօ Խալիլ եւ Քրիսթիան Հաժ:

Նշենք, որ խումբի խմբապետ Պաշիր Եամմին չի մասնակցիր այս ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ ան ունեցաւ ինքնաշարժի արկած մը:

 

Share this Article
CATEGORIES