Թենիս. Իտալիոյ Միջազգային Մրցաշարք. Անի Ամիրաղեան Հանդիսացաւ Երկրորդ
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի թենիսի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Անի Ամիրաղեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային «Ֆիւչըրզ» մրցաշարքին, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ արդիւնք:
Ան յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ աւարտական հանգրուան, ուր սակայն պարտութիւն մը կրելով իտալացի Ֆետերիքա Տի Սարրայէն գրաւեց երկրորդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական


