Արտակ Եդիգարեան Ներկայացուեցաւ Իբրեւ Մեթալուրկի Նորեկ

Արտակ Եդիգարեան (կեդրոնը)

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ինչպէս նախատեսուած էր, ուքրանական կազմերէն Մեթալուրկ Տոնեցք հանրութեան ներկայացուց ակումբին նոր ֆութպոլիստները: Այդ հինգ նորեկներուն կարգին է նաեւ Հայաստանի երիտասարդներու եւ ազգային հաւաքականներու միջնապահ, Փիւնիկ Երեւանի մարզիկ Արտակ Եդիգարեանը:

Նշենք, որ Արտակ Եդիգարեան նախորդ յունիսին, Դաւիթ Մանոյեանի հետ միասին փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր Մեթալուրկի հետ:

Մարզիկներու ներկայացման ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ ակումբը միայն այսքանով պիտի չբաւարարուի, որովհետեւ այլ մարզիկներ ալ պիտի միացնէ իր կազմին:

Share this Article
CATEGORIES