Լրագրողներու Վերապատրաստութեան Դասընթացքներ. Դասախօսութիւններ` Հայ-Թրքական Եւ Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Մասին
Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած լրագրողներու վերապատրաստութեան դասընթացքներուն ծիրին մէջ, 11 յուլիսին թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան զեկուցեց հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին: Ան անդրադարձաւ այս յարաբերութիւններուն անցեալին, յատկապէս շեշտը դնելով վերջին տարիներուն անոնց շուրջ եղած իրադարձութիւններուն վրայ: Լրագրողներուն առիթ տրուեցաւ բաժնեկցելու իրենց տեսակէտները եւ արտայայտելու կարծիքները, նաեւ ուղղելու հարցումներ` այս նիւթին շուրջ:
Կարճ դադարէ մը ետք Երեւանի պետական համալսարանի տեսական փիլիսոփայութեան եւ տրամաբանութեան ամպիոնի վարիչ, տոքթ. փրոֆ. Ալեքսանտր Մանասեան ներկայացուց հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները:
Ճաշէն ետք լրագրողները այցելեցին Երեւանի պատմութեան թանգարան, ուր ծանօթացան հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող նմուշներու եւ արժէքաւոր իրերու:

