Փինկ Փոնկ. Ամշիթի Վեթերաններու Ա. Մրցաշարք. Մըրշի Եւ Ռիֆահի Տիրացան Տիտղոսին
Կազմակերպութեամբ Ամշիթ ակումբին, տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի վեթերաններու Ա. մրցաշարքը` մասնակցութեամբ քսանէ աւելի խաղացողներու, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին երկու տարբեր դասակարգերու մրցումներուն:
45 տարեկան եւ վեր դասակարգի տիտղոսին տիրացաւ Սամիր Մըրշի, որ աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ազզէտտին Ժըպէյլիի:
35-44 տարեկան դասակարգի տիտղոսին տիրացաւ Մոհամետ Ռիֆահի, որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ժոզեֆ Խըրիաթիի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ակումբին պատասխանատուներուն ձեռամբ:
CATEGORIES Մարզական

