Ճափոն Իր Վիճելի Տարածքները Պիտի Գնէ
Ճափոնական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ճափոն անհատէ մը պիտի գնէ վիճելի տարածք նկատուող Սենքաքու հինգ կղզիներէն երեքը:
Չինաստան այս կղզիախումբը կ՛անուանէ Տիոյուտաօ եւ կը հռչակէ իբրեւ իր տարածքը:
Ճափոն ունի իր յաւակնութիւնները: Թոքիոյի բնակիչները կղզին գնելու նպատակով արդէն մէկ ամսուան ընթացքին մէկ միլիառ եէն` 12,8 միլիոն տոլար գումար հաւաքած են:
Վիճելի կղզիներէն մէկը պաշտօնապէս հռչակուած է ճափոնական տարածք, իսկ մնացեալ չորսը կը պատկանին անհատներու:
Կղզիները յայտնաբերած են չինացիները 19-րդ դարու վերջաւորութեան, սակայն չին-ճափոնական պատերազմէն ետք անոնք անցած են Ճափոնի ձեռքը:
CATEGORIES Միջազգային

