Եգիպտոսի Նախագահին Ցմահ Արգիլուած Է Երկրէն Հեռանալ
«ՄԻԿ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Մոհամետ Մուրսի Եգիպտոսի նախագահ ընտրուած է, անոր անունը կը շարունակէ մնալ ցանկին վրայ այն անձերուն, որոնց երկրէն հեռանալը արգիլուած է: Նշեալ ցուցակը կը գտնուի Եգիպտոսի բոլոր օդակայաններուն մէջ:
Մուրսիի անունը այդ «սեւ ցանկին» վրայ յայտնուած էր այն ժամանակ, երբ ան անդամ էր Իսլամ եղբայրներ շարժումին, որուն դէմ Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութիւնները կէս դարէ ի վեր պայքար կը մղէին:
Ցուցակէն իր անունը հանելու համար Մուրսի պէտք է բողոք ներկայացնէ դատարան, ինչ որ տակաւին չէ կատարած:
Ընդհանուր առմամբ այդ ցուցակին վրան կայ 21 հազար անուններ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը Իսլամ եղբայրներ շարժումի «գերագոյն ղեկավար» Մոհամետ Պատէին է: 2008-ին անոր չէր արտօնուած նոյնիսկ Մեքքա ուխտի երթալ: Երկրէն դուրս գալու արգելքը ցմահ է, հակառակ անոր նշեալ շարժումի քանի մը անդամներ շահած են դատը եւ անոնց անունները ժամանակաւորապէս դուրս բերուած են ցանկէն, ապա դարձեալ ներառուած տխրահռչակ ցուցակին մէջ:


