Բանջարեղէնի Վաճառականներուն Նստացոյցը Վերջ Գտաւ
Սայտայի Նըժմէ հրապարակին վրայ նախանցեալ երեկոյեան բանջարեղէնի վաճառականներուն կողմէ սկսած նստացոյցը վերջ գտաւ:
Բանջարեղէնի վաճառականները կը հաստատէին, որ իրենք բանջարեղէններով փակ պիտի պահեն ճամբան, եթէ Սայտայի քաղաքապետական խորհուրդը մերժէ ընդառաջել իրենց պահանջներուն:
Մինչ բանջարեղէն վաճառողները փակ կը պահէին ճամբան եւ կը խորհրդակցէին մագլցողական այլ քայլերու մասին, Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Սայտայի վաճառականներն ու Սայտայի քաղաքապետը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բանջարեղէնի վաճառականներուն պահանջները եւ որոշուեցաւ զանոնք վերադարձնել Սայտայի տարբեր փողոցները` զանոնք մէկ շուկայի մէջ պահելու փոխարէն:
Այս լուծումէն անմիջապէս ետք Նըժմէի հրապարակի ճամբան բացուեցաւ:
Միւս կողմէ, սակայն, Սայտայի մէջ Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած նստացոյցը տակաւին կը շարունակուի` փակելով Սայտայի մայր ճամբան:


