Խորհրդարանի Նախագահը Կոչ Ուղղեց Մշակելու Ընտրական Օրէնքը Եւ Զայն Փոխանցելու Խորհրդարան

Խորհրդարանական հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ընտրական օրէնքը շուտով վաւերացնել եւ զայն փոխանցել խորհրդարան: Ան նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է Լիբանանին վերադարձնեն ազգային միասնականութեան ոգին, որպէսզի ամբողջ հայրենիքը յաղթանակ արձանագրէ:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց նաեւ, որ պէտք է նկատի ունենալ այնպիսի օրէնք մը, որ պէտք է արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ:

Պըրրի ընդգծեց, որ հարկ է նաեւ շեշտել գործադիր իշխանութեան որդեգրելիք ոճը` սենտիքաներուն եւ տարբեր կազմակերպութիւններու պահանջներուն հետ վարուելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ արդիւնքներու:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որ շեշտեց ընտրական օրէնքին վաւերացման անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ Էլիաս Հըրաուիի անուան մրցանակով իր պարգեւատրուելուն առիթով` խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն եւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսէն:

Share this Article
CATEGORIES