Նախագահ Սլէյման Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Ֆրանսա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Փարիզ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանի եւ ծերակոյտի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Նախագահ Սլէյման Ֆրանսա հասնելէ անմիջապէս ետք հանդիպում մը ունեցաւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ եւ քննարկեց Ֆրանսայի մէջ իր ունենալիք հանդիպումներուն օրակարգը:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ նախագահ Հոլլանտի հետ` ներկայութեամբ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի:

Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ նախագահ Սլէյման լիբանանցի առաջին պատասխանատուն է, որ Ֆրանսա կ՛այցելէ` երկրին կառավարութեան կազմութենէն ի վեր:

«Նախագահ Սլէյմանի այցելութիւնը պիտի դառնայ առիթ մը` շեշտելու համար Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ մտերմութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու շրջանային կարեւոր թղթածրարներուն», նշուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ նաեւ, որ Հոլլանտ իր կարգին պիտի շեշտէ Լիբանանի, Ազգային երկխօսութեան նիստին, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան նկատմամբ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES