Ազրպէյճանական Բանակը Ճակատի Գիծին Վրայ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ
Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական բանակը հայ-ազրպէյճանական ճակատի գիծին մօտ լայնածաւալ ռազմափորձերու սկսած է:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կայքէջին յայտնած են, որ ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ շաբաթավերջ:
Ռազմափորձերը կը ղեկավարէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ: Ռազմափորձերուն կը մասնակցին օդուժն ու ցամաքային ուժերը:
CATEGORIES Հայկական

