50 Տարի Առաջ ( 13 Յուլիս 1962 )
Հայ Կեանք
Այցելութիւն Ընկ. Դրոյի Գերեզմանին
«Հայրենիք»-ի մէջ (8 յուլիս) կը կարդանք.-
ՀՅԴ 69-րդ Պատգամաւորական ժողովին մասնակցող ընկերները ուրբաթ, 6 յուլիս, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին խմբովին այցելեցին ազգային հերոս ընկ. Դրոյի շիրմին, Քէյմպրիճի Մաունթ-Օպրըն գերեզմանատունը: Տիկին Գ. Կանայեան եւ մեր ընկերները յուզումով շրջապատեցին մեր անմահ ընկերոջ շիրիմը, ու Արսէն Ա. քհնյ. Սիմէոնեանց կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն մը` մասնակցութեամբ Մ. Հեքիմեանի, Հուայթինովիլէն:
Արարողութենէն ետք, յանուն Պատգամաւորական ժողովին խօսեցաւ Կ. Թանտրճեան` ըսելով, որ, ամէն տարի մեր Պատգամաւորական ժողովի մասնակցող պատգամաւոր ընկերներ ուխտի կու գան մեր մեծ ընկերոջ` Դրոյի գերեզմանին, աղօթելու, այլեւ ներշնչուելու համար: Վստահ եմ, ըսաւ ընկերը, որ Դրոյի եւ իր անմահ ընկերներուն ոգին կը սաւառնի մեր Պատգամաւորական ժողովին վերեւ: Սուրբեր են անոնք, մեծագոյն սուրբեր, որոնք ձգեցին մեզի ճամբայ մը, թէեւ դժուար, սակայն անվհատ ու անվեհեր քայլերով պիտի անցնինք մենք եւս անկէ: Այդ ճամբան ՀՅ Դաշնակցութեանն է, Հայաստանի անկախութեան հաստատման ուղին, եւ մենք երդում ըրած ենք վճռականօրէն քալել անկէ, ինչպէս ըրին Դրօ եւ իր անմահ ընկերները:
Քանատայի մեր ընկերներուն կողմէ խօսեցաւ Յ. Մուրատեան, որ ոգեկոչեց յուշ մը մեր մեծ ընկերէն:
Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան մեր Գերագոյն մարմինին կողմէ ըսաւ վերջին խօսքը, յայտնելով յարգանք` յաւիտենական առաջնորդին, որ եղած էր սիրելի ընկերը Դումանի, Ռոստոմի եւ Անդրանիկի: Ան մնաց յաւիտենական Սպիտակ Ձիաւորը, Զինուորը, Բազուկը` ՀՅ Դաշնակցութեան: Որքան մեծցաւ Դրոն, դարձաւ աւելի խոնարհ, կարգապահ դաշնակցական:
Ընկերները Մ. Հեքիմեանի առաջնորդութեամբ, երգեցին «Մենք պիտի կռուենք»-ը, եւ յետոյ, ցաւակցութիւն յայտնելով տիկին Գ. Կանայեանի` մեկնեցան:
Երեկոյեան, Ուոթըրթաունի «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին վարչութիւնը ընկերական ընթրիք մը տուաւ պատգամաւոր ընկերներուն: Հաւաքոյթը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ` երգերով, խմբերգներով ու արտասանութեամբ: Տ. Ջորեպանեան հաճելի զուարճութիւններ ըրաւ, իսկ մեներգեցին` ընկերներ Մ. Հեքիմեան եւ Վ. Պապայեան. արտասանեցին Գազանճեան, Մ. Գալայճեան եւ Կ. Իշխանեան: Ակումբի վարչութեան կողմէ երկու խօսք ըսաւ Ճ. Խոլիկեան:
Ապա, պատգամաւոր ընկերները վերադարձան «Հայրենիք»` շարունակելու համար իրենց աշխատանքները:
Ուիլիըմ Սարոյեանի «Աղջիկները»
Պիտի Բեմադրուին Նիւ Եորքի Մէջ
Ուիլիըմ Սարոյեան, որ Նիւ Եորք վերադարձած է Փարիզէն, պատրաստած է նոր թատերախաղ մը` «Աղջիկները» խորագրեալ եւ կը մտադրէ զայն բեմադրել յառաջիկայ աշնան` Պրոտուէյի վրայ:
Ուիլիըմ Սարոյեան Նիւ Եորք հասնելուն պէս անմիջապէս տեսակցութիւններ ունեցած է Պրոտուէյի բեմադրիչներուն հետ, հարկ եղած կարգադրութիւնները ընելու` «Աղջիկները» թատերախաղին բեմադրութեան համար: Քանի մը շաբաթ Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա երթալէ ետք, Ուիլիըմ Սարոյեան պիտի վերադառնայ Նիւ Եորք` իր նոր գրած թատերախաղին բեմադրութեան նախնական աշխատանքներուն նուիրուելու համար:
«Կոմիտաս»` Ճափոնի Մէջ
Ճափոնի մայրաքաղաքի «Թոքիօ Փունկա Կայկան» սրահին մէջ համերգ մը սարքած է «Կոմիտաս» քառեակը:
Քառեակը Ճափոն գացած է այդ երկրի երաժշտասէր բանուորներու միութեան հրաւէրով: Թոքիոյի մէջ մեծ յաջողութեամբ տրուած համերգէն ետք, քառեակը այցելած է նաեւ Նակազաքի, Օսաքա եւ ուրիշ քաղաքներ:
ՀՄԸՄ–ական Մը Հեծելարշաւի
Սուրիոյ Ախոյեանութիւնը Կը Շահի
ՀՄԸՄ-ական Սամուէլ Ազարիկեան իր նախորդներուն` Զոհրապ Տէր Պօղոսեանի եւ Արմէն Քաջեանի նման, Սուրիոյ հեծելարշաւի պատմութեան մէջ անցաւ` շահելով Սուրիոյ ախոյեանութիւնը յաջորդաբար առաջին հանդիսանալով մրցման երեք հանգրուաններուն մէջ (Հալէպ-Համա, Համա-Հոմս եւ Հոմս-Դամասկոս) 360 քիլոմեթր:
Ս. Ազարիկեանի եւ հալէպցի միւս հեծելանւորդներուն ճիգերուն շնորհիւ` ընդհանուր դասաւորման մէջ Հալէպի խումբը առաջին հանդիսացած է:

