Արուեստի Աշխարհէն. Տասնեակներով Քարաւաճիոնե՞ր
ԿԸ ԿԱՐԾՈՒԷՐ, ԹԷ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՎԱՐՊԵՏԻՆ ԿԱՆՈՒԽ ԳՈՐԾԵՐԷՆ ՈՉ ՄԷԿԸ ԳՈՅԱՏԵՒԱԾ ԷՐ, ՍԱԿԱՅՆ ԻՏԱԼԱՑԻ ԵՐԿՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ Կ՛ԸՍԵՆ, ԹԷ Ի ՅԱՅՏ ԲԵՐԱԾ ԵՆ ԱՆՈՐ ՃԵՊԱՆԿԱՐՆԵՐԸ: ՍԿԵՊՏԻԿՆԵՐ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԼԾՈՒԱԾ ԵՆ ՆՍԵՄԱՑՆԵԼՈՒ ԱՆՈՆՑ ՊԱՇՏՊԱՆԱԾ ՎԱՐԿԱԾԸ, ՄԻՆՉ ԲՈՒՌՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԴԷՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ԵՆ ՍՈՒՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՎԻՃԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ:
Իտալացի արուեստի երկու պատմաբաններ կ՛ըսեն, թէ ի յայտ բերած են քանի մը տասնեակ ճեպանկարներ եւ գեղանկարներ, զորս կը վերագրեն Վերածնունդի իտալացի վարպետ Քարաւաճիոյի:
Անոնք կը հաւատան, թէ այս գործերը կու գան այն ժամանակներէն, երբ Քարաւաճիօ ուսանող էր Միլանոյի մէջ, ինչպէս կը տեղեկացնեն իտալական լրատուամիջոցներ:
Նախապէս անոնք կը վերագրուէին գեղանկարիչ Սիմոնէ Փեթերցանոյի, որմէ գեղանկարչութեան դասեր առած էր Քարաւաճիօ, 11 տարեկանէն սկսեալ:
Գեղանկարները պահուած են Փեթերցանոյի արխիւներուն մէջ: Կարգ մը մասնագէտներ վերապահ են յայտնաբերումին նկատմամբ եւ կ՛ըսեն, թէ յաւելեալ ստուգումներ պէտք է կատարուին:
«Պիտի սպասեմ ամբողջական ուսումնասիրութեան արդիւնքին, սակայն կը թուի, թէ ցարդ իմ տեսած գծանկարներս կարելի չէ վերագրել Քարաւաճիոյի», կ՛ըսէ գեղանկարիչին գործերուն նուիրուած գիրքի մը հեղինակը` Ֆրանչեսքա Քափփելլեթթի:
Իսկ 16-րդ դարու արուեստի մասնագէտ Քլաուտիօ Սթրինաթի կ՛աւելցնէ, թէ յայտնաբերումի մը հաստատումները «ամբողջութեամբ անհեթեթ» են:
Բիրտ Կեանք Մը
Խնդրոյ առարկայ ճեպանկարները կը պատկերեն մարդկային մարմինը, ինչպէս նաեւ` կրօնական տեսարաններ:
Քարաւաճիօ, բուն անունով` Միքելանճելօ Մերիսի, Փեթերցանոյի աշակերտած է 1584-1588: Կ՛ենթադրուի, թէ անոր կանուխ տարիներու գեղանկարներէն ոչ մէկը գոյատեւած է:
Նախապէս խնդրոյ առարկայ գեղանկարները կը վերագրուէին Փեթերցանոյի: Սակայն երկու պատմագէտներ` Մաուրիցիօ Պերնարտելլի Քուրուց եւ Ատրիանա Քոնքոնի Ֆետրիկոլլի կ՛ըսեն, թէ Փեթերցանոյի արխիւը անխուսափելիօրէն պիտի պարունակէր Քարաւաճիոյի պատկանող կարգ մը գործեր:
«Ցարդ պարզապէս ոչ մէկը մտածած էր այս վարկածին մասին», կ՛ըսէ Քուրուց:
«Անկարելի է, որ Քարաւաճիօ ոչ մէկ հետք ձգած ըլլայ 1584-1588-ի միջեւ Փեթերցանոյի նման հռչակաւոր եւ փնտռուած գեղանկարիչի մը արուեստանոցին մէջ իր կատարած գործերէն», ըսած է Քո


