Արուեստի Աշխարհէն. Դասեր` Չինական «Փոփոխութիւններու Գիրք»-էն…

… ԿԱՄ` ՉԻՆԱԿԱՆ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԳՐԱԿԱՆ ՄԵԾ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԿԱՌՈՒՑԱՅԻՆ ՁԵՒԱԳԾՈՒՄԻՆ ԵՒ ՄԱՐԴԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԱՊԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ԴԱՐԱՒՈՐ ՈՒՍՄՈՒՆՔԻ ՄԸ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ:

Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, թէ գիրք մը դասական է:

«Առաջին` գիրքը պէտք է կեդրոնանայ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու վրայ, պէտք է բնորոշէ մարդկային հիմնական հարցեր եւ պէտք է ընձեռէ զանոնք դիմագրաւելու որոշ ուղեցոյց մը: Երկրորդ` անիկա պէտք է այս հիմնական հարցերը ներկայացնէ «գեղեցիկ, զգայացունց եւ անմոռանալի ձեւերով», «խթանող եւ ներգրաւող պատկերներով»: Երրորդ` անիկա պէտք է ունենայ բարդ, նրբերանգներով հարուստ, համապարփակ եւ խորաթափանց բնոյթ, պահանջելով ուշադիր եւ մէկէ աւելի ընթերցումներ, որպէսզի փոխանցէ իր ամէնէն խորունկ գաղտնիքներն ու մեծագոյն իմաստութիւնը: Կարելի է աւելցնել, թէ ճիշդ այս յատկանիշներուն պատճառով դասական գործ մը հզօր ուժը ունի գոյատեւելու ժամանակի եւ տարածութեան մէջ»:

Այս սահմանումը կը կատարէ Ռիչըրտ Սմիթ` իր «Տի «Այ եինկ. Է պայոկրաֆի» գիրքին մէջ, ուր աննախընթաց մօտեցումով մը կը ներկայացնէ պատմութիւնը հնադարեան ոգեղէն ուղեցոյց գիրքի մը, որ ծնունդ առած է Չինաստանի մէջ, շուրջ 3000 տարի առաջ: Սմիթ հետաքրքրական բան մը կ՛աւելցնէ հիմնականին մէջ ոգեղէն կեանքի նուիրուած խորհրդածութիւններու այս գիրքին վրայ եւ կը վիճի, թէ «Եինկ» կամ «Փոփոխութիւններու գիրք»-ը մաս կը կազմէ աշխարհի գրական մեծագոյն գործերուն` հակառակ իր զարտուղի բնոյթին, բաղդատած հիմնական արժէք ներկայացնող գրական այլ գործերու:

«Սակայն կը թուի, թէ Այ Եինկ տարբեր է «դասական» այլ գործերէ, զորս կը մտաբերենք անմիջապէս. օրինակ` «Ոդիսական», «Հանրապետութիւնը», «Աստուածային կատակերգութիւնը», «Ուխտաւորին ճանապարհը» կամ սրբազան գրութիւններ, ինչպէս` հրէական եւ քրիստոնէական աստուածաշունչեր, Քուրան, հինտու կրօնին սրբազան մատեաններն ու պուտտայական սութրաները: Կառուցային առումով` անիկա զուրկ է որեւէ ծրագրուած եւ հետեւողական պատմութենէ, իսկ ոգեղէն դիտանկիւնէն կրօնական փրկութեան ոչ մէկ տեսիլք կը փոխանցէ, ոչ իսկ` յետ մահու կեանքի խոստում մը կամ վերածնունդի գաղափար մը», կը գրէ Սմիթ:

«Այսուհանդերձ, հակառակ իր ամփոփ եւ խորհրդաւոր բնոյթին, գունագեղ պատմութիւններու պակասին, աստուածութիւններու բացակայութեան եւ հետեւողական պատմութեան մը չգոյութեան, Եինկ աւելի քան երկու հազար տարի հզօր ներգործութիւն ունեցած է չինական մշակոյթի բոլոր ոլորտներուն վրայ. ներգործութիւն մը, զոր կարելի է բաղդատել Աստուածաշունչին` մովսիսական-քրիստոնէական մշակոյթին մէջ, Քուրանին` իսլամական մշակոյթին, սրբազան մատեաններուն` հինտու մշակոյթին եւ սութրաներուն` պուտտայական մշակոյթին»:

 

«Այ եինկ» գիրքէն էջ մը` գրի առնուած թագաւորական Սոնկ հարստութեան ժամանակաշրջանին (960-1279):

 

Չինական երեք տառերէ բաղկացած 8 բաժանումներ` «Այ Եինկ» գիրքին մէջ:

 

Սմիթ կը պեղէ այս գիրքին գրաւչութեան եւ անժամանցելի բնոյթին գաղտնիքը` ուսումնասիրելով անոր մէջ միահիւսուած պատմութիւններն ու դիցավէպերը, քաղաքական եւ կայսերական ուժի գործածութեան կախարդական միջոցները, դարերու ընթացքին անոր տարբեր մեկնաբանութիւնները: Այսուհանդերձ, հակառակ իր նկարագրած գրութեան ոգեղէն բնոյթին, «Տի «Այ եինկ». Է պայոկրաֆի» գիրքը ուսումնասիրութիւնն է չինական դասական գործին կառոյցին ու դերին` «տարբեր եւ իրարու չնմանող երկիրներու մէջ», ինչպէս նաեւ` ժամանակի եւ տարածութեան մէջ արձագանգելու անոր կարողութեան: Միշտ չէ, որ նման ոսպնեակ մը կը կեդրոնանայ խորհրդապաշտութեան, կառուցային ձեւագծումի եւ մարդաբանական յատկանիշներու վրայ, որոնք կը կազմեն գրական դասական գործ մը:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES