Արուեստի Աշխարհէն. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ըսել, Թէ Գործ Մը Դասական Է

ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐՆԵՐ ՉԵՆ ԿՇՏԱՆԱՐ ԴԱՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ ԿԱՐԴԱԼԷ: ՈՉ ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐՆԵՐ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է, ՈՐ ԳԷԹ ԱՆՈՒՆՈՎ ԾԱՆՕԹ ԵՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ: Ի՞ՆՉ ԲԱՆ Կ՛ՈՐՈՇԷ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԹՈՒԷ ԻՏԱԼԱՑԻ ԳՐԱԳԷՏ ԻԹԱԼՕ ՔԱԼՎԻՆՈՅԻ ՎԻՐԱՀԱՏԱԿԱՆ 14 ՍԱՀՄԱՆՈՒՄՆԵՐԸ, ԶՈՐՍ ԿԱՐԴԱԼԸ ԻՆՔՆԻՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԷ ԱՅԼ ՀԱՃՈՅՔ ՄԸ…

Վերջերս ընթերցող մը ինծի ուղղուած նամակի մը մէջ մեղմօրէն կը քննադատէր զիս, որովհետեւ Ճորճ Օրուէլի «Էնիմըլ ֆարմ» եւ «Նայնթին էյթի-ֆոր» գիրքերը կոչած էի «աստուածացած դասականներ»: Փոխարէնը` ան կ՛առաջարկէր գործածել աւելի մեղմ` «թելադրելի ընթերցանութիւն» եզրը: Հետեւաբար ինչպէ՞ս կարելի է որոշել, թէ գործ մը դասական է, եւ ինչո՞ւ այսքան մեծ հարցի կը վերածուի գործ մը դասական որակելը: Ռիչըրտ Սմիթ քննարկելով չինական հնադարեան «Փոփոխութիւններու գիրքը»` կ՛առաջարկէ չորս կէտերէ բաղկացած սահմանում մը` որոշելու համար, թէ ի՛նչ բան կարելի է կոչել դասական (տեսնել քովի սիւնակները):

Սակայն հիմնական հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ պէտք է կարդալ դասականները: Իտալացի սիրուած գրագէտ Իթալօ Քալվինօ այս նիւթը կը քննարկէ իր «Ուայ ուի ռիտ տը քլասիքս» գիրքին մէջ, որ լոյս տեսած է 1991-ին: Այս գիրքը ձեւով մը ինքնին «դասական» է: Անիկա դասական գրականութեան վերաբերող յօդուածներու հաւաքածոյ մըն է, որուն մէջ Քալվինօ կը կատարէ «դասական» գործի մը հետեւեալ 14 սահմանումները:

1. Դասական են ա՛յն գիրքերը, որոնց մասին մարդիկ սովորաբար կ՛ըսեն. «Այս օրերուն դարձեալ կը կարդամ զայն», սակայն երբեք` «Այս օրերուն կը կարդամ զայն»:

2. Դասական են ա՛յն գիրքերը, զորս կարդացած ըլլալու թանկագին փորձառութիւնը կը փայփայեն անոնք, որոնք կարդացած են եւ` սիրած, սակայն նոյնքան հարուստ փորձառութիւն մը կը նկատուին անոնց կողմէ, որոնք զանոնք կարդալու առիթը կը վերապահեն ա՛յն օրուան, երբ կը կարծեն, թէ զանոնք առաւելագոյն չափով վայելելու տրամադրութեան մէջ պիտի գտնուին:

3. Դասական են ա՛յն գիրքերը, որոնք յատուկ ներգործութիւն մը կ՛ունենան, երբ իբրեւ անմոռանալի գործեր կը դրոշմուին մեր երեւակայութեան մէջ, եւ երբ կը թաքնուին մեր երեւակայութեան խաւերուն ետին` անձնական կամ հաւաքական ենթագիտակիցի մը ետին ծպտուած:

4. Գիրք մը դասական է, երբ զայն դարձեալ կարդալով` կ՛ապրինք յայտնաբերում մը կատարած ըլլալու նոյն զգացումը, զոր ապրած էինք մեր առաջին ընթերցումին առիթով:

5. Գիրք մը դասական է, երբ զայն կը կարդանք առաջին անգամ, անիկա մեզի կը պարգեւէ այն զգացողութիւնը, թէ դարձեալ կը կարդանք բան մը, զոր կարդացած ենք նախապէս:

6. Գիրք մը դասական է, երբ չեն սպառիր անոր ըսելիքները ընթերցողին:

7. Դասական են ա՛յն գիրքերը, որոնք մեզի կը ներկայանան իրենց նախորդ մեկնաբանութիւններուն լուսապսակով` իրենց հետ բերելով հետքերը այն բոլորին, զորս ձգած են ա՛յն մշակոյթին կամ մշակոյթներուն մէջ, ուրկէ անցած են:

8. Գիրք մը դասական է, երբ տեւաբար իր շուրջ կը բարձրացնէ քննադատական քննարկումի մանուածապատ ամպ մը, որ սակայն միշտ ալ կը թօթափէ իր մասնիկները:

9. Դասական են ա՛յն գիրքերը, որոնց մասին ի՛նչ կարծիքներ ալ լսած ըլլանք, կը զգանք, թէ անոնք շատ աւելի իւրայատուկ, անսպասելի եւ նորութիւններով լեցուն են, երբ կը կարդանք:

10. Դասական կը կոչուի որեւէ գիրք, որ կը ներկայացնէ ամբողջ տիեզերքը, գիրք մը, որ համազօր է հնադարեան հմայեակներուն:

11. «Ձեր» դասական գիրքը այնպիսի գործ մըն է, որուն նկատմամբ չէք կրնար անտարբեր մնալ: Անիկա կ՛օգնէ ձեզի` բնորոշելու դուք ձեզ, անոր հետ առնչուելով կամ անոր հակադրուելով:

12. Գիրք մը դասական է, երբ կու գայ դասական այլ գործերէ առաջ, սակայն անոնք, որոնք նախապէս կարդացած են դասական այլ գործեր, անմիջապէս կը ճանչնան անոր տեղը` դասական գիրքերու ծինաբանութեան մէջ:

13. Գիրք մը դասական է, երբ ներկայի աղմուկը կը վերածէ խորքի մռմռոցի մը: Սակայն առանց այս աղմուկին չեն կրնար գոյատեւել դասական գործերը:

14. Գիրք մը դասական է, երբ կը գոյատեւէ իբրեւ խորքի աղմուկ, նոյնիսկ երբ տիրական է այնպիսի ներկայ մը, որ երբեք չի կրնար մրցիլ իրեն հետ:

Թերեւս ամէնէն աւելի բանաստեղծական է Քալվինոյի 11-րդ սահմանումը, որ կ՛արտայայտէ այն գաղափարը, թէ ենթակայական գործօնը իր դերը ունի նոյնիսկ «դասական»-ի հասկացողութեան մէջ, որ յստակօրէն տիեզերական է: Այս կէտը նաեւ սրամիտ պատասխան մը կ՛ընձեռէ բծախնդիր ընթերցողին եւ կ՛ըսէ. ««Ձեր» դասական գիրքը այնպիսի գործ մըն է, որուն նկատմամբ չէք կրնար անտարբեր մնալ, որովհետեւ անիկա կ՛օգնէ ձեզի` բնորոշելու դուք ձեզ, անոր հետ առնչուելով կամ անոր  հակադրուելով»:

«Գիրք մը դասական է, երբ տեւաբար իր շուրջ կը բարձրացնէ քննադատական քննարկումի մանուածապատ ամպ մը, որ սակայն միշտ ալ կը թօթափէ իր մասնիկները»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES