Լէոնի Փիլարթի Նկարչական Ցուցահանդէսը Պէյրութի Մէջ

Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2012-ի երեկոյեան, «Վարուժան արուեստի կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Լէոնի Փիլարթի «40 տարիներու յետահայեաց» գեղանկարներու ցուցահանդէսը, որ կը վայելէր հովանաւորութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի:

Ցուցահանդէսին ներկայ եղան` հոգեւորականներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ եւ արուեստասէր հանրութիւն մը:

Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին իր սիրտի խօսքը ուղղեց արուեստագիտուհին, որ իր արուեստի ճանապարհին ու ապրումներուն համապատկերը ներկայացուց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք թէ՛ իր արուեստի կազմաւորման օժանդակած էին եւ թէ՛ այս ցուցահանդէսի կազմակերպման սատարած:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 17 յուլիս:

Լէոնի Փիլարթ (Լէոնի Գիսոյեան-Փիլաւճեան) ծնած է Պէյրութ: 1971-ին ան նկարչութեան եւ քանդակագործութեան իր մասնագիտական վկայականներուն տիրացած է: Ապա իր մասնագիտութիւններուն մէջ հմտացած է Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Իտալիոյ մէջ: Հիմնադիրներէն է Միացեալ Թագաւորութեան հայ արուեստագէտներու միութեան: 1971-էն սկսեալ բազմաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու մասնակցած է եւ անհատական ցուցահանդէսներ տուած` աշխարհի զանազան կողմերը: Իր գեղանկարները կը գտնուին անհատ արուեստասէրներու մօտ եւ թանգարաններու մէջ:

Լէոնիի գեղարուեստը կը բնորոշուի գոյներու զեղումով եւ լոյսի տիրական պայծառութեամբ: Իր նկարներուն ակնարկելով` ան իր ծաղիկներուն, թռչուններուն, դիմանկարներուն ու տեսարաններուն գծով, կը հաստատէ. «Իմ ծաղիկներս կեանքին հոլովոյթը կը բնորոշեն. բնութիւնը կը մահանայ եւ կը վերածնի: Կեանքը շարունակելու կամք պէտք է ունենալ: Ծաղիկները կ՛աճին ջուրով. մեր կեանքը եւս լաւատեսութեան ջուրին պէտք ունի յարատեւելու համար: Հոս կը կայանայ կեանքին գեղեցկութիւնը: Իմ թռչուններս դիմացկունութիւն եւ յարատեւութիւն կը խորհրդանշեն: Մարդիկ թռչուններուն պէս կը յաղթահարեն կեանքի փոթորիկները եւ ազատօրէն դէպի առաւել փայլուն ապագայ կը ճախրեն: Իմ դիմանկարներս միայն վերամարմնաւորումներ չեն, այլ մարդոց ներաշխարհէն ներս մուտքեր են: Անոնք ընտանեկան միութեան եւ մարդկայինին սիրով կը յայտնուին: Իմ տեսարաններս անցեալի եւ ապագայի երազներն են: Բնութիւնը կեանքի երջանկութիւնն ու եռանդը կը փոխանցէ մեզի»:

Լէոնի կեանքի գեղանկարչուհին է, որուն լաւատեսութիւնը կը յորդի իր արուեստին ընդմէջէն եւ կը պարուրէ մեզ` հակառակ ամէն խոչընդոտներուն կեանքը իր լիութեան մէջ ապրելու եւ վայելելու:

Share this Article
CATEGORIES