Իտալիոյ Գերբաժակի Մրցումը` Փեքինի Մէջ

«Սերի Ա.»-ի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը` Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ բաժակակիր Նափոլիի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ Փեքինի (Չինաստան) «Նասիոնալ» դաշտին վրայ, յառաջիկայ 11 օգոստոսին:

Երրորդ անգամն է, որ 2009-էն ետք Իտալիոյ գերբաժակը տեղի կ՛ունենայ «Պըրտ՛ծ Նեսթ»-ի մէջ, իսկ հինգերորդը Իտալիայէն դուրս` նկատի ունենալով, որ 1993-ին եւ 2003-ին անիկա կատարուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES