Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչի Պաշտօնին Համար Քափելլօ Եւ Կուարտիոլա` Նկատի Առնուած Երկու Գլխաւոր Թեկնածուները

Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչի պաշտօնին համար թէեւ նկատի առնուած են 13 անձեր, սակայն գլխաւոր երկու թեկնածուները կը հանդիսանան Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ եւ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա:

Անոնց ետին, երկրորդ կարգի վրայ դասուած են Հերի Ռետնափ, Ռաֆայէլ Պենիթես, Մարչելօ Լիփփի եւ Մարսելօ Պիելսա:

Հակառակ անոր որ ֆետերասիոնին կողմէ նկատի առնուած առաջնահերթ թեկնածուները օտար են, սակայն ըստ ռուսական մամուլին, այդ պաշտօնին համար նկատի առնուած անձը պէտք է ըլլայ ռուս մը:

 

Share this Article
CATEGORIES